Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետը Վահագն Վերմիշեանի Կողմէ Կաշառք Վերցնելը Անձնական Վիրաւորանք Կը Համարէ

Վարչապետը Վահագն Վերմիշեանի Կողմէ Կաշառք Վերցնելը Անձնական Վիրաւորանք Կը Համարէ

by MassisPost

Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահ Վահագն Վերմիշեանը, կաշառք վերցնելով, անձնական վիրաւորանք հասցուցած է վարչապետին, Հայաստանի ժողովուրդին ու թաւշեայ յեղափոխութեան արժէքներուն, կառավարութեան նիստի մեկնարկին յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեանը:

«Նման վիրաւորանք հասցրած անձը, անձինք պէտք է ենթարկուեն խստագոյն պատասխանատուութեան: Եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնում կար որեւէ մէկը, որ կասկածում է քորուփցիան արմատախիլ անելու մեր կամքին եւ վճռականութեանը, յոյս ունեմ, որ այդ մարդիկ հասկացան, որ ամէն ինչ շատ աւելի լուրջ է, քան նրանք կարող են պատկերացնել», – ըսած է ան:

Փաշինեանը աւելցուցած է. – «Իսկ եթէ կան մարդիկ, որոնք կասկածում են անձամբ իմ՝ քորուփցիան արմատախիլ անելու վճռականութեանը, ապա կը գնան այդ մարդկանց ետեւից»։

Երէկ 5 դէպքով՝ խոշոր եւ առանձնապէս խոշոր՝ 1 միլիոնէն 2.5 միլիոն դրամի չափով, գումարի եւ ապրանքի տեսքով կաշառք ստանալու կասկածանքով ձերբակալուած է Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահ Վահագն Վերմիշեանը։

Մասնագիտութեամբ ճարտարապետ, 55-ամեայ Վերմիշեանը Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահի պաշտօնին նշանակուած էր 2019-ի Մարտին, ան մինչ այդ Երեւանի քաղաքապետի խորհրդականը եղած է, անցեալին ալ շարք մը ղեկավար պաշտօններ զբաղեցուցած է Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ։

Այն, որ գործող պաշտօնեաներու մասնակցութեամբ քորուփցիոն դէպքեր կը բացայայտուին, կը խօսի իշխանութիւններու քաղաքական կամքի մասին, կը նկատէ «Թրանսփարընսի ինթըրնաշընլ» հակաքորուփցիոն կեդրոնի տնօրէն Սոնա Այվազեանը:

«Դրանով նաեւ ապացուցւում է, որ նախկին քորումփացուած պաշտօնեաների նկատմամբ հետապնդումները ոչ թէ քաղաքական հետապնդումներ են, այլ հենց քորուփցիոն գործարքների պատճառով հետապնդումներ են», – ըսած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment