Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԵԽԽՎ Համազեկոցողները Կոչ Կ’ընեն Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու Մասին Կարծիք Հայցելու Վենետիկի Յանձնաժողովէն

ԵԽԽՎ Համազեկոցողները Կոչ Կ’ընեն Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու Մասին Կարծիք Հայցելու Վենետիկի Յանձնաժողովէն

by MassisPost

ԵԽԽՎ համազեկուցողները կոչ կ’ընեն Հայաստանի իշխանութիւններուն Սահմանադրութեան եւ անոր առնչուող փոփոխութիւններու վերաբերեալ կարծիք հայցելու Վենետիկի յանձնաժողովէն: Այս մասին նշուած է ԵԽԽՎ Հայաստանի մշտադիտարկման համազեկուցողներ Անտրեյ Շիրչելի եւ Քիմմօ Քիլիւնէի յայտարարութեան մէջ:

Անոնք կը նշեն, որ Հայաստանի իշխանութիւնները որոշած են արտահերթ նիստ կայացնել՝ քննարկելու շարք մը փոփոխութիւններ, որոնք կը հանեն օրէնսդրական նախաձեռնութիւններու՝ Սահմանադրութեան համապատասխանելու հարցը ստուգելու համար ՍԴ դիմելու պահանջը:

«Շարք մը այլ հարցերու կողքին, սա կը փոխէ նաեւ Սահմանադրութեան փոփոխութեան գործընթացը: Բացի այդ, ներկայացուած է Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, որու նպատակը, կարծես թէ, ՍԴ քանի մը անդամներու պաշտօնավարումն անմիջապէս դադրեցնելն է»,- յայտարարած են համազեկուցողներ Անտրեյ Շիրչելը եւ Քիմմօ Քիլիւնէն, ապա շարունակած.

«Այս երկու հարցերը կարեւոր են, եւ առաջարկուող փոխոխութիւնները կրնան երկարաժամկէտ հետեւանքներ ունենալ սահմանադրական հիմնարկներու գործունէութեան վրայ: Այս ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ հաշուի առնելով ծագած հարցերը՝ մենք կոչ կ’ընենք Հայաստանի իշխանութիւններուն հնարաւորինս արագ կարծիք հայցելու Վենետիկի յանձնաժողովի սահմանադրական իրաւունքի փորձագէտներէն:

Մենք կը հաւատանք՝ այդ կարծիքը, որ կրնայ շատ արագ մշակուիլ արագացուած ընթացակարգով, արժէքաւոր կ’ըլլայ բոլոր կողմերու, այդ շարքին՝ հայաստանեան ընտրողներու համար՝ հանրաքուէ կայացնելու պարագային»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment