Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գանատահայոց Թեմի Թեմական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը

Գանատահայոց Թեմի Թեմական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը

by MassisPost

30 Յունուար 2020-ին, Գանատահայոց Թեմի Թեմական Խորհուրդն իր ժողովի ընթացքին քննարկեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ներկայացուցիչներու կողմէն ձեռնարկուած կանոնազանց արարքներու պատճառով ստեղծուած ցաւալի իրավիճակը՝ ստեղծելով Օնթարիոյ, Ուինտսըր քաղաքի մէջ, նոր ծուխ մը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ իրաւասութիւններու ներքոյ, երբ այնտեղ գոյութիւն ունի Գանատահայոց Թեմէն ներս ի պատշաճի ձեւաւորուած ծուխ, որ ստեղծուած է շուրջ 27 տարի առաջ:

Թեմական Խորհուրդը սոյն յայատարարությամբ կու գայ արտայայտելու իր սաստիկ զայրոյթն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ներկայացուցիչներէն կ’ակնկալէ նկատի ունենալ հարցի լրջութիւնը եւ ուղղել կանոնազանց ցուցումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment