Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանն աշխարհի ամենաարագ աճող զբօսաշրջային ուղղութիւններէն է․ UNWTO

Հայաստանն աշխարհի ամենաարագ աճող զբօսաշրջային ուղղութիւններէն է․ UNWTO

by MassisPost

Հայաստանը դարձած է աշխարհի ամենաարագ աճող զբօսաշրջային ուղղութիւններէն մէկը՝ ՄԱԿ-ի զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան տուեալներու համաձայն։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենբրես»-ը՝ վկայակոչելով UNWTO-ի «Զբօսաշրջային ծանրաչափի» տուեալները, ամենաարագ զարգացող ուղղութիւններու շարքին Հայաստանը 12-րդն է՝  14,4 տոկոս աճով։

Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան զեկոյցին համաձայն, ամենամեծ աճը արձանագրած է Միանման՝ 40․2 տոկոս։ Հարեւաններէն միայն Իրանը գերազանցած է Հայաստանին՝ զբօսաշրջութեան աճով, աշխարհի մէջ գրաւելով երրորդ տեղը՝ 27․9 տոկոս աճով։ ԵԱՏՄ պետութիւններուն մէջ Հայաստանը անվիճելի առաջատարն է, որուն կը յաջորդէ միայն Ղազախստանը (20-րդ տեղ՝ 10 տոկոս աճով)։

Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը զբօսաշրջութեան աճի ցանկին վրայ ետ մնացած են Հայաստանէն՝ զբաղցնելով համապատասխանաբար 13-րդ եւ 17-րդ տեղերը՝ 14 եւ 11․4 տոկոս աճով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment