Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արթուր Վանեցեանը Հարցաքննուած է Քննչական Կոմիտէէն Ներս

Արթուր Վանեցեանը Հարցաքննուած է Քննչական Կոմիտէէն Ներս

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանը հարցաքննուած է Քննչական կոմիտէէն ներս՝ գաղտնալսումներու եւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերացիայէէն ներս չարաշահումներու վերաբերեալ քննուող քրէական գործերու շրջածիրէն ներս, «Ազատութեան» յայտնած է կոմիտէի լրատւութեան բաժնի պետ Նայիրա Յարութիւնեանը։

«Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանը Քննչական կոմիտէ է ներկայացել յատկապէս կարեւոր գործերի քննութեան գլխաւոր վարչութեան վարոյթում քննուող 2 քրէական գործի շրջանակներում: Նշեմ, որ մէկը գաղտնալսման քրէական գործն է, միւսը՝ Ֆութպոլի ֆետերացիայում առերեւոյթ չարաշահումների դէպքերէ առթիւ քննուող քրէական գործն է: Տեղեկացնեմ, որ գաղտնալսման գործով պարոն Վանեցեանի հեռախօսը ենթարկուել է զննութեան: 2 քրէական գործի շրջանակներում էլ պարոն Վանեցեանը հարցաքննուել է վկայի դատավարական կարգավիճակով», – փոխանցած է Քննչական կոմիտէի խօսնակը:

Հարցին՝ գաղտնալսման գործով կա՞յ մեղադրեալ, Նայիրա Յարութիւնեանը պատասխանած է. – «Գաղտնալսման քրէական գործի շրջանակներում մեղադրեալի դատավարական կարգավիճակ ունեցող անձ չկայ»:

Այս գործով վկայի կարգավիճակով կ’անցնի 3 անձ՝ վարչապետը, Յատուկ քննչական ծառայութեան պետը եւ ԱԱԾ նախկին տնօրէնը: Ինչ կը վերաբերի ՀՖՖ-ի մէջ չարաշահումներու գործին, ապա ան նշած է, որ այս քրէական գործի շրջածիրէն ներս այս պահուն մեղադրեալի դատավարական կարգավիճակ ունի 2 անձ: Այլ տեղեկութիւն Յարութիւնեանը չէ հաղորդած։

«Ազատութիւն»ը կապուած է Արթուր Վանեցեանի հետ, որ խորհուրդ տուած է դիմել իր փաստաբան Լուսինէ Սահակեանին, սակայն տիկին Սահակեանը եւս զերծ մնացած է մեկնաբանութենէ. – «Պարոն Վանեցեանն իրականում երէկ հարցաքննուել է, ներկայացել է առանց փաստաբանների, սակայն մենք որոշել ենք, որ այս պահի դրութեամբ դեռեւս մեկնաբանութիւններ չենք ներկայացնելու»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment