Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Հայութիւնը Կը Պայքարի Սանասարեան Տունը Համայնքին Վերադարձնելու Համար

Թուրքիոյ Հայութիւնը Կը Պայքարի Սանասարեան Տունը Համայնքին Վերադարձնելու Համար

by MassisPost

Թուրքիոյ հայութիւնը կը պայքարի Պոլսոյ Սիրքեճի կայարանի մօտ գտնուող հայկական պատմական Սանասարեան տունը համայնքին վերադարձնելու համար: Թուրքիոյ Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութիւնը նախօրէին Սանասարեանի շէնքը 35 տարուայ վարձակալութեան յանձնելու մրցոյթ կազմակերպած էր:

Յաղթած կազմակերպութիւնը կը նախատեսէ շէնքը վերանորոգել եւ վերածել բարձրակարգ հիւրանոցի: Շէնքի փաստացի սեփականատէր Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի շահերը ներկայացնող փաստաբան Ալի Էլպեյօղլուն կ’առարկէ՝ շէնքը վերադարձնելու համար դատական գործընթացը դեռ չէ հանգուցալուծուած, եւ այս փուլին այն շահագործման յանձնելը անօրինական է:

«Սանասարեան խանի» սեփականութեան իրաւունքի հարցն արձագանգ գտած է նաեւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովէն ներս։ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը հարցադիմում յղած է մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյին՝ պարզաբանում պահանջելով, թէ ինչու հայ համայնքին պատկանող գոյքը տասնամեակներ շարունակ չի վերադարձուիր իրական տէրերուն:

Փայլանի կուսակից, Մարտին նահանգէն պատգամաւոր, ազգութեամբ ասորի Թումա Չելիքը եւս անդրադարձած է հայկական պատմական կառոյցի ճակատագրին: Ան պահանջած է, որ շէնքի շահագործումը ստանձնած ընկերութիւնը հրաժարի իր ծրագրերէն եւ մասնակից չդառնայ անարդարութեան: Պատգամաւորը թրքական խորհրդարանին կոչ ըրած է իր ձեռքը վերցնելու նախաձեռնութիւնը եւ իրաւական կարգաւորումներով լուծել ոչ իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքներու առաջ ծառացած գոյքային բազմամեայ խնդիրները:

Աւելի վաղ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը նոյնպէս յայտարարութեամբ հանդէս եկած էր՝ նշելով, որ անընդունելի կը համարէ մինչեւ դատական գործընթացի աւարտը Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան կողմէ շէնքը վարձակալութեան տալու որոշումը: Պատրիարքարանը մտադիր է հետեւողականօրէն շարունակել պայքարը իր գոյքը վերադարձնելու համար:

Պատմական «Սանասարեան  խանը» կառուցուած է 1895 թուականին ճարտարապետ Յովսէփ Ազնաւուրի կողմէ էրզրումցի հայ մեծահարուստ Մկրտիչ Սանասարեանի մեկենասութեամբ հայ երեխաներու կրթական կարիքներու համար: Շէնքը յետագային յանձնուած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի տնօրինման, սակայն 1930-ականներուն բռնագրաւուած է թրքական իշխանութիւններու կողմէ: Երկար տարիներ Սանասարեան տունը օգտագործուած է որպէս Պոլսոյ անվտանգութեան վարչութեան շէնք, իսկ ռազմական յեղաշրջումներու ժամանակ յայտնի էր որպէս «տանջանքներու վայր», ուր կը պահէին յեղափոխականները:

2014 թուականին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը համայնքապատկան գոյքը վերադարձնելու համար իրաւական գործընթաց սկսաւ: Սակայն առաջին ատեանի քաղաքացիական դատարանը գործը չէր ընդունած, որմէ ետք պատրիարքարանը դիմած էր Վճռաբեկ դատարան: 2017-ին դատարանը Սանասարեանի շէնքը համայնքային գոյք ճանչցած էր, սակայն անցած տարուան Փետրուարին Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան պահանջով դատական որոշումը կրկին բեկանուած էր, եւ շէնքի սեփականութեան իրաւունքը փոխանցուած էր վարչութեան: Պատրիարքարանի շահերու ներկայացուցիչը դիմած էր Սահմանադրական դատարան՝ բողոքարկելով այս որոշումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment