Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յայտարարութիւնը Ժընեւի Հանդիպման Վերաբերեալ

ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յայտարարութիւնը Ժընեւի Հանդիպման Վերաբերեալ

by MassisPost

Յունուար 29-ին եւ 30-ին Ժընեւի մէջ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկըր Փոփովի (Ռուսիա), Ստեֆան Վիսգոնդիի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի (ԱՄՆ) եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրչիկի միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը:

Անոր նախորդած է ՀՀ ԱԳ նախարարի հանդիպումը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրչիկի հետ։

ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեանի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ եռօրեայ անմիջական քննարկումներուն ընթացքին անդրադարձ եղած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին առնչուող հարցերու շուրջ. 2019-ին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու եւ քննարկուած առաջարկներու իրականացումը եւ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու ուղղութեամբ հնարաւոր յաջորդ քայլերը, ապագայ կարգաւորման հիմքը հանդիսացող սկզբունքները եւ տարրերը։ Քննարկուած են նաեւ կարգաւորման գործընթացի առաջմղման ուղղուած ժամանակացոյցը եւ օրակարգը:

Նախարար Մնացականեան շեշտած է խաղաղ գործընթացի մէջ Արցախի ժողովուրդի ընտրեալ ներկայացուցիչներու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը:

ԱԳ նախարարները համաձայնած են կրկին հանդիպիլ մօտ ապագային ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հովանիին տակ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment