Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արդարադատութեան Նախարարը Չի Բացառեր՝ Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Հետեւանքով ՍԴ-Ն Ամբողջովին Կը Փոխուի

Արդարադատութեան Նախարարը Չի Բացառեր՝ Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Հետեւանքով ՍԴ-Ն Ամբողջովին Կը Փոխուի

by MassisPost

Սահմանադրական դատարանի շուրջ եւ ողջ դատական համակարգի մէջ ստեղծուած ճգնաժամը կրնայ եւ պէտք է լուծուի սահմանադրական փոփոխութիւններու հետեւանքով՝ կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն ըսած է Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը։

Միաժամանակ նախարարը չէ բացառած, որ փոփոխութիւններու հետեւանքով կը ձեւաւորուի ամբողջովին նոր սահմանադրական դատարան. – «Ես էլ եմ կարծում, որ Սահմանադրական դատարանի ճգնաժամը հնարաւորինս շուտ պէտք է հանգուցալուծուի։ Ինչ վերաբերում է վաղ կենսաթոշակին, ժամանակ կայ՝ եթէ չեմ սխալւում, մինչեւ Փետրուարի 27-ը, եւ որեւէ մէկը չի կարող գնահատել աշխատեց, թէ չաշխատեց, քանի դեռ վերջին օրը չի եկել, եւ մենք չենք արձանագրել, որ որեւէ մէկը չդիմեց։ Բայց դրանից ոչ մի ողբերգութիւն չի լինի, եթէ որեւէ մէկը վաղ կենսաթոշակի չդիմի, որեւէ ողբերգութիւն չի լինի, եթէ որեւէ մէկը դիմի։ Ես ասել եմ, որ դատական համակարգում առկայ ընդհանուր ճգնաժամը եւ մասնաւորապէս Սահմանադրական դատարանի ճգնաժամը կարող է լուծուել եւ պէտք է լուծուի սահմանադրական փոփոխութիւններով։ Որովհետեւ հիմա, կարծում եմ, ինչ լուծում էլ գտնենք, այդ լուծումը ամբողջութեամբ, հարիւր տոկոսով չի կարող հիմք հանդիսանալ հասարակութեան վստահութիւնը վերականգնելու ամբողջ դատական համակարգի նկատմամբ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment