Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Եւրոպական Դրամատունը Աւելի Բարձր Տնտեսական Աճ կը Կանխատեսէ Քան Հայաստանի Կառավարութիւնը

Եւրոպական Դրամատունը Աւելի Բարձր Տնտեսական Աճ կը Կանխատեսէ Քան Հայաստանի Կառավարութիւնը

by MassisPost

1992 թուականէն Հայաստանի մէջ գործող եւ ներկայիս հայաստանեան տնտեսութեան խոշորագոյն վարկատու համարուող Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատունը (ՎԶԵԴ) յայտարարած է, որ նախորդ տարին երկրորդ ամենյաջողն էր 28-ամեայ համագործակցութեան ընթացքին՝ Հայաստանի մէջ 15 ծրագրերու ֆինանսաւորման համար դրամատունը ուղղած է մօտ 120 միլիոն եւրօ։

Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպած էին դրամատան Կովկասի տարածաշրջանային տնօրէն Քաթարինա Պիորլին Հանսէնն ու Երեւանի գրասենեակի ղեկավար Տիմիթրի Գուինտաձէն:

«2019 թուականը թռիքչային տարի էր, որովհետեւ մօտ 74 միլիոն եւրօ ներդրուեցաւ ֆինանսական հատուածին մէջ, տրամադրուեցան վարկային գիծեր, աջակցած ենք Գիւմրիի մէջ ենթակառուցուածքներու զարգացման ծրագրերուն, որոնք քանի մը տարուայ ծրագրեր են, ներդրում եղած է մասնաւոր՝ PicsArt ընկերութեան մէջ, ներդրում ըրած ենք Հայաստանի մէջ թողարկուած խոշորագոյն պարտատոմսերու մէջ, աջակցած ենք Հայաստանի ելեկտրական ցանցերու արդիականացման։ Այս ամէնը միասին՝ 15 ծրագրեր, կազմած է 120 միլոն եւրօ», – մանրամասնած է Գուինդաձէն։

Դրամատունը կը նախատեսէ 2020-ին մօտ 100 միլիոն եւրօ վարկեր տրամադրել հայաստանեան տնտեսութեան։

Դրամատան ներկայացուցիչներու հաւաստմամբ, ՎԶԵԴ-ը հայաստանեան տնտեսութեան խոշորագոյն վարկատուն է՝ 1992-էն ի վեր Հայաստանի մէջ ներդրած է 1,4 միլիառ եւրօ։

Այս տարուան համար ՎԶԵԴ-ը կը կանխատեսէ աւելի բարձր տնտեսական աճ, քան Հայաստանի կառավարութիւնը։ Դրամատան գնահատմամբ, 2020 թուականը հայաստանեան տնտեսութիւնը պիտի փակի 5 տոկոս աճով։ 2020 թուականի պետական պիւտճէի համաձայն, տարին Հայաստանը պիտի ամփոփէ 4,9 տոկոս տնտեսական աճով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment