Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Սարգսեան Իսրայէլի Մէջ Բարձրացուցած Է Քնեսեթի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը

Նախագահ Սարգսեան Իսրայէլի Մէջ Բարձրացուցած Է Քնեսեթի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը

by MassisPost

Աշխատանքային այցով Իսրայէլ գտնուող Հայաստանի նախագահը բարձրացուցած է այդ երկրի խորհրդարանի՝ Քնեսեթի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը։ Արմէն Սարգսեանն ընդգծած է, որ պատմութեան այս ամօթալի էջի ճանաչումն ու դատապարտումը պէտք չէ պայմանաւորուած ըլլայ այսօրուայ քաղաքական շահերով ու իրողութիւններով:

Հայաստանի նախագահն այդ մասին խօսած է Քնեսեթ այցելութեան ժամանակ, ուր անոր եւ տիկին Նունէ Սարգսեանին հիւրընկալած են Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահ Եուլի Էտելշթեյնը եւ տիկին Իրինա Նեւզլինը:

«Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը առաջին հերթին բարոյական պատասխանատուութիւն է եւ յարգանքի տուրք անմեղ զոհերու յիշատակին, միաժամանակ կարեւոր ներդրում է ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման միջազգային ջանքերուն մէջ»,- շեշտած է Հայաստանի նախագահը:

Նշելով, որ պատմութեան շատ էջեր ողբերգական են հայ եւ հրեայ ժողովուրդի համար` նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ պէտք է համատեղել ջանքերը, որպէսզի նման մարդկային աղէտներ այլեւս երբեք չըլլան եւ երբեւէ չկրկնուին:

Եուլի Էտելշթեյնը մասնաւորապէս ըսած է. – «Մեզի համար մեծ պատիւ է ձեզ ընդունիլ մեր երկրին մէջ։ Ուրախ ենք ձեր այցելութեան համար՝ նոյնիսկ եթէ այն տեղի կ’ունենայ ոչ այդքան ուրախ իրադարձութեան մը ծիրէն ներս»։

Քնեսեթիի նախագահը   վստահութիւն յայտնած է, որ նախագահ Սարգսեանի այցը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի մէջ դեսպանութիւն բանալու Հայաստանի որոշումը կարեւոր անկիւնաքար պիտի ըլլան երկկողմ յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման համար:

«Կը կարծեմ, որ այս այցը շատ դրական փոփոխութիւն պիտի բերէ մեր յարաբերութիւններուն մէջ: Մեր գործակցութեան ներուժը շատ աւելին է, քան մենք ներկայիս կ՝օգտագործենք»,- ըսած է Էտըլշթէյն:

Նախագահ Սարգսեան, իր հերթին, նշած է, որ եղած է Իսրայէլի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման ակունքներուն մէջ: «Անկեղծ ըսեմ, տարիներ շարունակ կ՝ուզէի վերադառնալ Իսրայէլ, քանի որ յիշողութիւններ ունիմ այս երկրի հետ կապուած»,- ըսած է Հայաստանի նախագահը` կարեւոր համարելով Իսրայէլի փորձը տարբեր, ինչպէս` բարձր ճարտարարուեստներու, նորարարութիւններու ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ փորձի փոխանակումը:

Անդրադառնալով պատմութեան նման էջերուն` նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ երկու ժողովուրդներու ճակատագրերու նմանութիւնները տպաւորիչ են, եւ անոնք կը յուշեն, որ պէտք է մտածել ապագայի մասին․ «Կրնանք համատեղ ստեղծել այդ ապագան ե՛ւ իբրեւ երկու պետութիւն, ե՛ւ իբրեւ երկու ժողովուրդ: Հայաստանը փոքր երկիր է, բայց համաշխարհային ազգ, նոյնն է նաեւ Իսրայէլը: Ես այստեղ եմ նաեւ համագործակցութեան ոլորտներու նախանշման համար: Հայաստանը կարեւոր կը համարէ շատ ոլորտներու զարգացումը` կրթութիւն, գիտութիւն, անվտանգութիւն, գիւղատնտեսութիւն, նորագոյն ճարտարագիտութիւններ: Ես, իբրեւ նախագահ, նախաձեռնութիւն ունիմ Հայաստանը դարձնելու նոր ճարտարագիտական հանգոյց, քանի որ մենք ունինք շարք մը առաւելութիւններ ատիկա ընելու համար: Մեր երկրին մէջ կան բարձրակարգ բնագէտներ, մաթեմաթիքոսներ, ծրագրաւորման ոլորտէն ներս ունինք լաւ կրթական ծրագիրներ»:

Այցին աւարտին Հայաստանի նախագահը գրառում կատարած է պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ: Այնուհետեւ նախագահ Սարգսեան եւ տիկին Նունէ Սարգսեան շրջայց կատարած են խորհրդարանի շէնքին մէջ:

Նախագահ Սարգսեանը Իսրայէլի մէջ մասնակցած է Հոլոքոսթի յիշատակին նուիրուած 5-րդ միջազգային համաժողովին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment