Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հոլանտայի Արտաքին Գործոց Նախարար. Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները Գերազանց Են

Հոլանտայի Արտաքին Գործոց Նախարար. Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները Գերազանց Են

by MassisPost

Հայաստանն ու Հոլանտան կը խորացնեն յարաբերութիւնները. յառաջիկային Երեւանի մէջ պիտի  բացուի եւրոպական այդ երկրի դեսպանատունը, կը սպասուի, որ այս տարի Հոլանտա այցելէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Այս մասին նշուած է Հոլանտայի Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարար Սթեֆ Պլոքի ու Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Զոհրապ Մնացականեանի համատեղ ասուլիսի ընթացքին։

Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆ Պլոքը երկօրեայ պաշտօնական այցով ժամանած է Երեւան, անոր ընդունած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Ուշագրաւ է, որ Պլոքի հարաւկովկասեան այցէն Պաքուն դուրս մնացած է։ Հայաստանն ու Հոլանտան դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած են 1992-ի Յունուարին, եւ մօտ 30 տարուան պատմութեան ընթացքին սա թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարարի առաջին այցն է Հայաստան։

«Այս այցով ցանկանում եմ ընդգծել Հոլանտայի ու Հայաստանի միջեւ գերազանց յարաբերութիւնները։ Այսօրուայ մեր երկխօսութեան ժամանակ կեդրոնացած ենք մեր համագործակցութեան խորացման ուղղութեամբ եւ քննարկած ենք ապագային համատեղ աշխատանքի գերազանց հեռանկարները», -ըսած է ան:

Սթեֆ Պլոքը շարունակած է՝ հետաքրքիր ժամանակ է Հայաստան այցելելու համար՝ թաւշեայ յեղափոխութենէն մէկուկէս տարի անց, աւելցնելով, որ տպաւորուած է քաղաքական խաղաղ  անցումով եւ վերջապէս ողջունած է օրէնքի գերակայութեան հաստատման ու քորուփցիայի դէմ պայքարի ուղղութեամբ ձեռք բերուած յաջողութիւնները։

Block-Genocide Museum

«Ազատութեան» հարցին, թէ՝ ինչո՞ւ որոշեցին խորացնել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, Սթեֆ Պլոքը ըսած է. – «Մենք կարեւորութիւն կու տանք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն՝ անշուշտ, առաջին հերթին հայաստանցիներու շահի տեսանկիւնէն։ Այս աշխարհի մէջ մենք հարեւաններ ենք, կը գտնուինք մարտահրաւէրներով լի տարածաշրջանի մէջ՝ Եւրոպայի ու Ասիոյ սահմաններուն յարող տարածաշրջանուն մէջ, ուր շատ բան կը կատարուի։ Ուստի, մեր համատեղ շահերէն կը բխի, որպէսզի օրէնքի գերակայութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, քաղաքական կայունութեան եւ տնտեսական առաջընթացին վերաբերող զարգացումներն ընթանան ճիշդ ուղղութեամբ»։

Հայաստանի վիճակագրական կոմիտէի վերջին տուեալներու համաձայն` անցած տարուան Յունուար-Նոյեմբեր ամիսներուն հայ-հոլանտական առեւտուրը կազմած է 178 միլիոն 10 հազար տոլար, ինչը 2018-ի  առաջին 11 ամիսներուն համեմատ աւելի է 6,1%-ով։

«Տնտեսական համագործակցութիւնը լայն հնարաւորութիւններէն մէկն է, որ կը բացուի մեր առջեւ։ Այս առաւօտ պատիւ ունեցայ ելոյթ ունենալ հայաստանցի ու հոլանտացի գործարարներու առջեւ, եւ անոնք զիս փոխանցեցին, որ Հայաստանը մեծ ներուժ ունի բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ։ Եթէ դուք մեծ ներուժ ունիք, սա հիմք է փայլուն ապագայի համար։ Սա, անշուշտ, ապագայի հիմնական հնարաւորութիւններէն մէկն է։ Յաջորդը՝ Հոլանտան մեծ ներուժ ունի գիւղատնտեսական բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ։ Եւ վերջապէս, հոլանտացիները կը նախընտրեն ճամբորդել եւ աւելի շատ կ’այցելեն Հայաստան», – ընդգծած է նախարարը։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանն իր հերթին նշած է՝ 1 տարուայ կտրուածքով Հոլանտայէն Հայաստան այցելուներու աճը կազմած է մօտ 23%։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment