Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ Լիբանանի Կառավարութեան Մէջ Հայ Կին Նախարար Նշանակուած է

Լիբանանի Կառավարութեան Մէջ Հայ Կին Նախարար Նշանակուած է

by MassisPost

Վարչապետ Հասսան Տիապի գլխաւորած Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան մէջ ընդգրկուած է հայ կին: Վարդինէ Օհանեան նշանակուած է Երիտասարդութեան եւ Մարմնակրթութեան հարցերով նախարար:

Վարդինէ Օհանեանը ընկերային ծառայութեան ոլորտին մէջ ծառայած անձնաւորութիւն է եւ մինչեւ նախարար նշանակուիլը կը վարէր յատուկ կարիքներու մասնագիտական «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէնի պաշտօնը։

Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ հայուհի մը նախարարի պաշտօն պիտի զբաղեցնէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment