Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ Եւ Յոյն Հոգեւորականներու Միջեւ Հերթական Միջադէպը՝ Բեթղեհեմի Սուրբ Ծննդեան Տաճարին Մէջ

Հայ Եւ Յոյն Հոգեւորականներու Միջեւ Հերթական Միջադէպը՝ Բեթղեհեմի Սուրբ Ծննդեան Տաճարին Մէջ

by MassisPost

Բեթղեհեմի մէջ Շաբաթ երեկոյեան ծեծկռտուք տեղի ունեցած է Հայ առաքելական եւ Յոյն ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւորականներու միջեւ:

«Մօտ 2 տասնեակ յոյն, յունադաւան արաբ հոգեւորականներ ու քաղաքացիական հագուստներով մարդիկ զինուած փայտերով ու երկաթեայ ձողով Շաբաթ երեկոյեան՝ ժամը 7-ի մօտերը փորձած են իրենց մասնաբաժնէն աստիճաններով իջնել ու մուտք գործել Բեթղեհեմի Սուրբ Ծննդեան տաճարի Սուրբ Ծննդեան խորան, ուր կը կայանար հայերու Սուրբ Ծննդեան եկեղեցական արարողութիւնը, եւ փորձած են միջամտել ու խանգարել այն», – այսպէս նկարագրած են եղելութիւնը հայ ականատեսները:

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետ հայր Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ այսպէս ներկայացուցած է միջադէպը. – «Իրականութեան մէջ ոչ թէ փորձած են մեր արարողութեան ժամանակ միջամտել, այլ երբ մեր արարողութիւնը ժամը 18:00-ին աւարտեցաւ, եւ մենք դադար ունէինք մինչեւ ժամը 22:00-ը, մեր արարողութենէն ետք անոնք իրաւունք ունին խնկարկութիւն ընել Ծննդեան Սուրբ այրի մէջ: Ճիշդ այդ ժամանակ անոնք պահանջեցին մեզմէ, որ այրի մէջ, ուր  24 ժամ մենք իրաւունք ունինք տեղադրելու մեր սրբապատկերը, աւետարանն ու մոմակալները, զանոնք հեռացնենք»:

Ըստ հայր Կորիւնի՝ զինուած գալով ու վկայակոչելով իրենց իրաւունքն ու ինչ-որ կեղծ փաստաթուղթի նկար ներկայացնելով՝ անոնք պահանջած են պատէմ իջեցնել հայերու սրբապատկերը. – «Այդ ժամանակ էր, որ երբ իրենք փորձեցին այդ սրբապատկերն ու խնկարկումը միասին իջեցնել դէպի Սուրբ Ծննդեան տաճար, մենք այդտեղ կանգնեցանք եւ թոյլ չտուինք, որ տեղի ունենայ: 24 ժամ մեր Ծննդեան տօնին Սուրբ Այրը մերն է, եւ մեր սրբապատկերը կը տեղադրուի այնտեղ, Աւետարանն ու մոմակալները, եւ ոչինչ կը շարժի այնտեղէն: Ասոնք դարերով եկած իրաւունք են, սակայն այս տարի անոնք փորձեցին այդ միջամտութիւնը ընել, մենք թոյլ չտուինք, եւ ծեծկռտուք տեղի ունեցաւ, որու հետեւանքով անշուշտ անոնք հեռացան, եւ սրբապատկերը չտեղադրուեցաւ», – պատմած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետը:

Յունական կողմը բողոք ներկայացուցած է Պաղեստինի նախագահի աշխատակազմի քրիստոնէական սրբավայրերու ու իրաւունքներու յանձնաժողովին, իսկ Պաղեստինի նախագահն ալ խնդրանքով դիմած է Հայոց պատրիարքին:

«Պաղեստինի նախագահն անձամբ Պատրիարք սրբազանէն խնդրեց, որ միայն այս տարուան համար թոյլ տան, որպէսզի այդ խնկարկութիւնը ըլլայ սրբապատկերով, բայց Պատրիարք սրբազանը համաձայնած է միայն, որ այս տարի այդպէս ըլլայ, պայմանով, որ մեր սրբապատկերը, Աւետարանն ու մոմակալները պէտք չէ տեղաշարժուին կամ հանուին Սուրբ այրէն», – աւելցուցած է հայ վարդապետը:

Շարունակելով ան ըսած է, որ այնուհետեւ երկու ոստիկան, բռնելով յոյներու սրբապատկերը, կանգնած են այրին մէջ, եւ յոյները խնկարկութիւն ըրած են միայն ու հեռացած: Ի դէպ, ծեծկռտուքէն տուժածներ կան, որոնց, առաջին օգնութիւն ցուցաբերուած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment