Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սերժ Սարգսեանի Եւ Միւսներու Գործով Նախաքննութիւնն Աւարտած Է

Սերժ Սարգսեանի Եւ Միւսներու Գործով Նախաքննութիւնն Աւարտած Է

by MassisPost

Յատուկ քննչական ծառայութիւնը (ՅՔԾ) յայտնած է վառելիքի ձեռքբերման նպատակով կատարուած պետական աջակցութեան ծրագիրներով պետութենէն առանձնապէս խոշոր չափերով գումար վատնելու վերաբերեալ քրէական գործէն Սերժ Սարգսեանի, Բարսեղ Բեգլարեանի, Սերգօ Կարապետեանի, Սամուէլ Գալստեանի եւ Գէորգ Յարութիւնեանի մասով անջատուած գործով նախաքննութեան աւարտի մասին։ Գործը մեղադրական եզրակացութեամբ յանձնուած է հսկողութիւն իրականացնող դատախազին` այն դատարան ուղարկելու միջնորդութեամբ:

«Յատուկ քննչական ծառայութիւնում քննուող քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքում ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցների համակցութեան հիման վրայ պարզուել է, որ ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կազմակերպմամբ եւ «Ֆլեշ» ընկերութեան սեփականատէր Բարսեղ Բեգլարեանի դրդմամբ, ՀՀ նախկին գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալ Սամուէլ Գալստեանի ու նոյն նախարարութեան բուսաբուծութեան վարչութեան պետ Գէորգ Յարութիւնեանի օժանդակութեամբ, ՀՀ նախկին գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեանի կողմից 2013 թուականի Յունուարի 25-ից Փետրուարի 7-ն ընկած ժամանակահատուածում ՀՀ կառավարութեան պահուստային ֆոնտից վատնուել է պետական աջակցութեան ծրագրերի իրականացման ընթացքում իրացուած 15.391.765 լիթր վառելիքի համար յատկացուած օժանդակութեան առանձնապէս խոշոր չափերով գումարը՝ 489.160.310 ՀՀ դրամը», – ըսուած է ՅՔԾ հաղորդագրութեան մէջ։

Ըստ ՅՔԾ-ի՝ Սերգօ Կարապետեանին մեղադրանք առաջադրուած է Քրէական օրէնսգիրքի 179-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով՝ «իւրացնելը կամ վատնելը, որ կատարուած է առանձնապէս խոշոր չափերով», Սերժ Սարգսեանին, Բարսեղ Բեգլարեանին, Սամուէլ Գալստեանին եւ Գէորգ Յարութիւնեանին՝ ՔՕ 38 (յանցակցութիւն)-179-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով։

Յատուկ քննչական ծառայութիւնը Հայաստանի երրորդ նախագահին կէս միլիառ դրամ գումարի յափշտակութեան կատարումը կազմակերպելու մեղադրանք առաջադրած է անցած տարուան Դեկտեմբեր 4-ին։ Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւնը չհեռանալու մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment