Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յայտնաբերուած Է ԱԱԾ Նախկին Տնօրէն Կեորկի Կուտոյեանի Դին

Յայտնաբերուած Է ԱԱԾ Նախկին Տնօրէն Կեորկի Կուտոյեանի Դին

by MassisPost

Երեւանի Պարոյր Սեւակի փողոցի բնակարաններէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած է ԱԱԾ նախկին տնօրէն Կեորկի Կուտոյեանի դին՝ հրազէնային վիրաւորումով: Այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ Քննչական կոմիտէի հասարակայնութեան հետ կապի եւ լրատւութեան վարչութեան պետ Նայիրա Յարութիւնեանը:
«ՀՀ ՔԿ նախագահ Հայկ Գրիգորեանի յանձնարարութեամբ այս պահին դէպքի վայր մեկնած են ՀՀ ՔԿ նախագահի տեղակալ, ՀՀ ՔԿ Յատկապէս կարեւոր գործերով (ՅԿԳ) քննութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Արթուր Մելիքեանը, Յատկապէս կարեւոր գործերով (ՅԿԳ) քննութեան գլխաւոր վարչութեան պետի տեղակալ Վ.Մեսրոպեանը:
Դէպքի վայրէն ներս կ’աշխատին ՀՀ ՔԿ Քանաքեռ-Զեյթուն վարչական շրջաններու քննչական բաժնի քննիչները՝ քննչական բաժնի պետ Հ. Գէորգեանի գլխաւորութեամբ»,-ըսած է ան:

38-ամեայ Կեորկի Կուտոյեանը երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի խմբակիցն էր: Նախագահի 2016 թուականի հրամանագրով Փետրուար 12-ին նշանակուած էր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար եւ այդ պաշտօնէն ազատուած էր 2018 թուականին՝ Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնած յեղափոխութենէն ետք: Մինչեւ ԱԱԾ տնօրէնի պաշտօնին նշանակուիլը, Կուտոյեանը կը զբաղեցնէր գլխաւոր դատախազի տեղակալի պաշտօնը:

Երիտասարդ իրաւաբանը հանրութեան յայտնի դարձաւ 2011 թուականին, երբ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կարգադրութեամբ նշանակուեցաւ Հանրապետութեան նախագահի օգնական: Կեորկի Կուտոյեանը նաեւ 2013-ի Սեպտեմբեր 4-ին Նախագահի հրամանագրով ընդգրկուած էր Հայաստանի նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովի կազմին մէջ:

Յեղափոխութենէն ետք՝ 2019-ի Մայիս 8-ին Ազգային պատկերասրահէն ներս պաշտօնավարման մէկ տարին ամփոփող ասուլիսի ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարեց, որ «նախորդ իշխանութիւնները հեռանալէ առաջ Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն նիւթեր ոչնչացուցած են»։ Վարչապետը տեղի ունեցածը յանցագործութիւն որակած էր»:

2 Ամիս անց այդ ժամանակ ԱԱԾ տնօրէն Արթուր Վանեցեանը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած է՝ Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն անհետացած փաստաթղթերու մեծ մասը վերականգնուած է եւ միացուած է Մարտ 1-ի գործի քննութեան։

Վանեցեանի խօսքով, այդ փաստաթուղթերը հիմնական կը վերաբերին Մարտ 1-ի գործին։ Վանեցեանը յայտնած էր, որ փաստաթուղթերու անհետացման հետ կապուած իրականացուած է ծառայողական քննութիւն Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն ներս:

Յատուկ քննչական ծառայութենէն «Ազատութեան» փոխանցած են, որ իրենց մօտ քննուող քրէական գործերով Կեորկի Կուտոյեանը չէ անցած։

Անցած կէս տարուան ընթացքին նախկին իշխանութեան ուժային կառոյցի երկրորդ ղեկավարի մահուան մասին յայտնի կը դառնայ: Անցած Սեպտեմբերին Բջնիի իր առանձնատան մէջ յայտնաբերուած էր 2008-ին Հայաստանի ոստիկանապետի պաշտօնը զբաղեցուցած Հայկ Յարութիւնեանի դին՝ գլուխի շրջանին հրազէնային վնասուածքով:

Յարութիւնեանը Մարտ 1-ի գործով առանցքային վկայ էր: Անոր մահուան դէպքի առիթով յարուցուած է քրէական գործ՝ ինքնասպանութեան կամ ինքնասպանութեան փորձի հասցնելու յատկանիշներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment