Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոմիութեան Դեսպանը Տպաւորուած Է Հայաստանի Մէջ Ընթացող Դատական Բարեփոխումներով

Եւրոմիութեան Դեսպանը Տպաւորուած Է Հայաստանի Մէջ Ընթացող Դատական Բարեփոխումներով

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորինը տպաւորուած է Հայաստանի մէջ ընթացող դատական բարեփոխումներով։ Դեսպանը համոզուած է՝ կառավարութիւնը էական ջանքեր կը գործադրէ։ Վիքթորինը կը վստահեցնէ՝ ԵՄ-ն կարեւոր գործընկեր պիտի ըլլայ այդ գործընթացին։

«Դեկտեմբերին Գործընկերութեան յանձնաժողովի նիստ կայացաւ Պրիւքսէլի մէջ։ Կը կարծեմ՝ երկու կողմերը համակարծիք են, որ մենք առաջընթաց կ’արձանագրենք։ Բայց այդ չի նշանակեր, որ կրնանք կանգ առնել եւ վաղը այն կրնայ աւարտիլ, պէտք է շարունակել այդ աշխատանքները, այն շատ ժամանակ կը պահանջէ։ Դուք այդ կը տեսնէք Հայաստանի կառավարութեան կողմէ, կը հաւաստիացնեմ՝ Եւրոպական միութեան կողմէ ալ նոյնը կը տեսնէք», – ըսած է Վիքթորինը։

ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրրա Վիքթորինը նկատած է, որ առաջընթաց կայ նաեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտի մէջ, սակայն ընդգծած է՝ դեռ ընելիք կայ։

«Ես համեմատելու բան ունիմ։ Կը կարծեմ, որ մարդու իրաւունքներու վիճակը Հայաստանի մէջ իսկապէս բարելաւուած է, սակայն ընդգծեմ՝ բազմաթիւ բարեփոխումներ կան, որոնք անհրաժեշտ է իրականացնել։ Չեն ըլլար մարդու իրաւունքներ, եթէ չկայ իրաւունքի գերիշխանութիւն», – նշած է ԵՄ դեսպանը։

Անդրադառնալով ընդդիմադիր որոշ ուժերու ներկայացուցիչներու յայտարարութիւններուն, թէ լրատուամիջոցները ճնշման տակ են, Անտրէա Վիքթորինն ըսած է՝ Հայաստանի մէջ լրատուամիջոցներն ազատ են։

«Կը կարծեմ՝ Հայաստանի մէջ իսկապէս լրատուամիջոցները մեծ ազատութիւն ունին: Ի հարկէ կ’ըլլան դէպքեր եւ իրավիճակներ, որոնց ժամանակ կրնայ ճնշում գործադրուիլ այս կամ այն լրատուամիջոցի նկատմամբ, որուն մենք կը հանդիպինք որեւէ երկրի մէջ, իմ իսկ երկրի մէջ այն տեղի կ’ունենայ, այն չենք կրնար բացառել», – նշած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment