Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մանուէլ Գրիգորեանը Առողջական Վիճակի Վատթարացման Պատճառով Պայմանական Ազատ Արձակուած է

Մանուէլ Գրիգորեանը Առողջական Վիճակի Վատթարացման Պատճառով Պայմանական Ազատ Արձակուած է

by MassisPost

Աւելի քան մէկուկէս տարի անազատութեան մէջ գտնուելէ ետք, Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի խափանման միջոց կալանքը փոխարինուած է չհեռանալու մասին ստորագրութեամբ։ Դատարանը բաւարարած է մեղադրող կողմի ներկայացուցած՝ խափանման միջոցը վերանայելու վերաբերեալ միջնորդութիւնը։

Փաստաբան Լեւոն Պաղտասարեանը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է՝ խափանման միջոցի փոփոխութիւնը շատոնց պէտք է տեղի ունենար։ «Ես փաստեմ հետեւեալը, որ Դատախազութեան միջնորդութիւնը ուշացած էր, բայց միեւնոյն ժամանակ իրաւաչափ էր», – նշած է ան։

Յունուար 15-ին հրաւիրուած էր արտահերթ դատական նիստ՝ քննարկելու Մանուէլ Գրիգորեանի առողջական վիճակի վատթարացման պատճառով անոր խափանման միջոցը փոփոխելու նպատակայարմարութեան հարցը:

Գրիգորեանը դատաբժշկական փորձաքննութեան ենթարկելու նպատակով ստեղծուած միջգերատեսչական յանձնաժողովի փորձագէտը դատարանին մէջ յայտարարած է՝ անոր կեանքին վտանգ կը սպառնայ։ Պատասխանելով մեղադրող դատախազ Վահէ Տոլմազեանի հարցին՝ փորձագէտն ըսած է, որ Գրիգորեանի առողջական այս վիճակը համատեղելի չէ կալանքի հետ։ Ի դէպ, Մանուէլ Գրիգորեանը, որ ամիսներ շարունակ բուժում կը ստանայ ոչ թէ բանտի, այլ «Նայիրի» բժշկական կեդրոնին մէջ, օրեր առաջ տեղափոխուած է վերակենդանացման բաժանմունք։

«Ցաւօք սրտի, ի յայտ է եկել բարդացում վիճակի հետ կապուած, որը բժշկական տեսանկիւնից, ես ուղղակի կարծիք կարող եմ յայտնել, որ ոչ ցանկալի բարդութիւն է, որը որ կարող է յանգեցնել անկանխատեսելի հետեւանքների ներկայումս։ Խօսքը սրտի ռիթմի խանգարման մասին է։ Սա անակնկալ, յանկարծակի եկած մի հանգամանք է, մի ախտաբանութիւն է, եւ սրտի կծկումների յաճախականութեան հետ կապուած՝ ինքը կարող է բերել անկանխատեսելի բարդութիւնների, այն, ինչ որ բերել է այստեղ արդէն՝ սուր սրտային անբաւարարութեան երրորդ-չորրորդ աստիճան, այսինքն՝ սա վերջին փուլն է արդէն», – նշած է փորձագէտը։

Ամիսներ առաջ նոյն յանձնաժողովը եզրակացուցած էր, որ Գրիգորեանի հիւանդութիւնները համատեղելի են կալանքի հետ։ Սակայն այսօր, ըստ փորձագէտի, Գրիգորեանի մօտ առկայ հիւանդութիւններու վատթարացում կը նկատուի։ Դատաւորը երեք տասնեակէ աւելի հիւանդութիւն թուարկած է, այդ շարքին՝ շաքարախտ եւ թոքի քաղցկեղ։

Իրաւապաշտպան Նինա Կարապետեանցը նշած է. – «Դա դատաւորի որոշելու հարցն էր, եւ դատաւորը պէտք է կարողանար ճիշդ կողմնորոշուել։ Ես ենթադրում եմ, որ գնահատել է ճիշդ, որովհետեւ, ես կարծում եմ, նա շատ մեծ հեղինակութիւն ունէր՝ ոչ էնքան լաւ իմաստով, եւ ազդեցութեան հնարաւորութիւններն էլ մեծ էին, դէ հիմա <….> պէտք է առողջութիւնը այլեւս թոյլ չտար, այնպէս որ՝ մարդկային տեսակէտից, մարդասիրական տեսակէտից պէտք է արուէր փոփոխութիւնը»։

63-ամեայ Գրիգորեանը կը մեղադրուի ապօրինի կերպով զէնք-զինամթերք պահելու, աւելի քան 101 միլիոն դրամի գոյք իւրացնելու, աւելի քան 1 միլիառ դրամի հարկերու վճարումէն խուսափելու, պետական միջոցներէն աւելի քան 1 միլիառ դրամ վատնելու եւ շորթմամբ 37 միլիոն դրամ արժողութեամբ գոյքի յափշտակութիւնը կազմակերպելու մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment