Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ryanair-Ի Առաջին Վայրէջքը՝ «Զուարթնոց»

Ryanair-Ի Առաջին Վայրէջքը՝ «Զուարթնոց»

by MassisPost

Հայաստանն Աշխարհի Հետ Պիտի Կապուի Ոչ Թէ 7, Այլ 17 Նոր Ուղղութիւններով

«Զուարթնոց» օդակայան վայրէջք կատարած է  Ryanair-ի Միլան-Երեւան-Միլան առաջին թռիչքով Հայաստան ժամանած օդանաւը։

Ժամանած հիւրերը օդակայանին մէջ դիմաւորած են  Հայաստանի Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէի նախագահ Տաթեւիկ Ռեւազեանը եւ ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէի ղեկավար Սուսաննա Սաֆարեանը:

Ryanair ընկերութիւնը Յունուար 3-ին սկսած է տոմսերու վաճառքը եւս 2 նոր ուղղութիւններու համար` Գիւմրի-Աթենք եւ Երեւան-Սալոնիք: Տաթեւիկ Ռեւազեանը յայտնած է նաեւ, որ Հայաստանն աշխարհի հետ պիտի կապուի ոչ թէ 7, այլ 17 նոր ուղղութիւններով։

Օդանաւային ընկերութիւնը դէպի Երեւան թռիչք իրականացուցած է նաեւ Հռոմէն, որ ժամանած է երէկգիշեր:

Նշենք նաեւ, որ Իտալիոյ Օդային երթեւեկութեան կառավարման որոշ արհմիութիւններ երէկ 4 ժամ տեւողութեամբ գործադուլ յայտարարած էին, որուն հետեւանքով յետաձգուած էր թռիչքի ժամը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment