Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Թրքական Ֆութպոլի Աստղը Էրտողանի Հետ Բախումէն Ետք Թաքսի Կը Վարէ

Թրքական Ֆութպոլի Աստղը Էրտողանի Հետ Բախումէն Ետք Թաքսի Կը Վարէ

by MassisPost

Թուրքիոյ հաւաքականի եւ Կալաթասարայի հանրայայտ յարձակող Հաքան Շուքիւրը ԱՄՆ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ Uber թաքսիի վարորդ կ’աշխատի: Նախկին ֆութպոլիստը կը պնդէ, որ 2013 թուականին Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութենէն դուրս գալէ ետք երկրի ղեկավար Էրտողանն իրեն թշնամի հռչակած է ու խլած ամէն ինչ: Այս մասին կը յայտնէ goal.com-ը՝ յղում ընելով Welt am Sontag-ին՝ տուած հարցազրոյցին:

Շուքիւրը Թուրքիոյ հաւաքականի կազմին մէջ խփած է 51 կոլ, իսկ ակումբային ասպարէզին ընթացքին՝ եւս 250-ը:

Շուքիւրը պատմած է, որ քարեր կը նետէին իր կնոջ խանութին վրայ, կը ճնշեն երեխաներուն, կը սպառնան զինք: Կուսակցութիւնը լքելէն ետք ձերբակալած են հօրը, իսկ ունեցուածքը բռնագրաւած են:

«Այլեւս ոչինչ ունեմ: Էրտողանն ամէն ինչ վերցուց ինծմէ: Իմ ազատութեան, արտայայտման, աշխատելու իրաւունքը», – ըսած է ան:

Շուքիւրը պատմած է, որ իր հետ որեւէ առնչութիւն ունեցող մարդիկ եւս խնդիրներու կը բախուին: Օրինակ, իր հետ սելֆի ըրած թուրք ուսանողը դատապարտուած է 14 ամսուան ազատազրկման:

«Էրտողանի քաղաքականութիւնը վատ ժամանակներ բերաւ, եւ երկիրը գնաց լրիւ այլ ուղղութեամբ՝ Մերձաւոր Արեւելք, Եւրոպայի փոխարէն», – նշած է նախկին ֆութպոլիստը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment