Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Վարչապետ. Հայերու Բնաջնջման Կամ Բռնագաղթի Նոր Փորձերու Հնարաւորութիւն Պիտի Չտանք

Վարչապետ. Հայերու Բնաջնջման Կամ Բռնագաղթի Նոր Փորձերու Հնարաւորութիւն Պիտի Չտանք

by MassisPost

30 տարի առաջ միջազգային հանրութիւնն ականատես եղաւ ու դատապարտեց Պաքուի մէջ հայ բնակչութեան ջարդերը, ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ Պաքուի հակահայկական ջարդերու 30-րդ տարելիցի կապակցութեամբ իր խօսքին մէջ:

«Դէպքերէն 30 տարի անց Ատրպէյճանի մէջ գոյութիւն չունի Պաքուի հակահայկական ջարդերու զոհերու հանդէպ որեւէ յարգանք եւ կարեկցանք: Այն սակաւաթիւ ձայները, որոնք քաջութիւն ունեցած են անգամ գրական ստեղծագործութիւններու մէջ յիշատակել Պաքուի հայերուն բաժին հասած ողբերգութիւնը, գամուած են անարգանքի սիւնին եւ պաշտօնապէս հռչակուած են դաւաճան:

Անգամ այսօր անօգնական մարդոց հանդէպ հաշուեյարդար տեսած ջարդարարները կը դասուին Ատրպէյճանի հերոսներու շարքին, իսկ անոնց գործած ոճիրները կը համարուին Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ պայքարի փառապանծ էջ:

Ցաւով պէտք է արձանագրենք, որ անցած երեք տասնամեակն Ատրպէյճանի մէջ չէ դարձած վերաիմաստաւորման, զղջման եւ հաշտութեան հասնելու ժամանակաշրջան», – նշած է վարչապետը:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ այս ընթացքին ականատես եղած ենք Արցախի բնակչութիւնը բնաջնջելու փորձի, մարդասպանութեան համար պատիժ կրող Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակման եւ հերոսացման, 2016թ. ապրիլին Արցախի սահմանամերձ բնակավայրին մէջ տարեց եւ անօգնական մարդոց դաժան խոշտանգման եւ սպանութեան: Հայատեացութիւնը դարձած է Ատրպէյճանի պետական քաղաքականութիւնը եւ հաւատամքը:

baku-pogrom-2

Նշենք, որ այս տարելիցի կապակցութեամբ Նիկոլ Փաշինեանը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու հետ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու ոճրագործութեան զոհերու յիշատակին։

Վարչապետը ծաղկեպսակ դրած է եւ ծաղիկներ խոնարհած է զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձաններուն։

«Այսօր, մենք մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք բոլոր միջազգային կառոյցներուն եւ խորհրդարանական մարմիններուն, որոնք արձագանգած եւ փաստագրած են այս իրադարձութիւնները՝ զանոնք դատապարտելով ու աշխարհին ի ցոյց դնելով:

Գլուխ խոնարհելով մեր անմեղ զոհերու յիշատակի առջեւ, ես ամենայն պատասխանատուութեամբ կը յայտարարեմ՝ հայերու բնաջնջման կամ բռնագաղթեցման նոր փորձերու հնարաւորութիւն պիտի չտանք: Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախի Հանրապետութիւնը եւ ողջ աշխարհասփիւռ հայութիւնը միասնաբար պիտի ներդրեն իրենց ողջ ներուժը՝ ապահովելու հայ ժողովուրդի գոյութեան եւ խաղաղ զարգացման իրաւունքը իր պատմական հայրենիքի մէջ, այդ շարքին՝ Արցախի մէջ», – աւելցուցած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment