Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2019-Ին Հաւաքագրուած Հարկերու Գումարը Քսան Առ Հարիւրով Գերազանցած Է 2018-Ի Հաւաքուած Գումարները

2019-Ին Հաւաքագրուած Հարկերու Գումարը Քսան Առ Հարիւրով Գերազանցած Է 2018-Ի Հաւաքուած Գումարները

by MassisPost

Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) կարգաւորումներով մաքսազերծման դրոյքաչափերու բարձրացման նախորդած տարուան Հայաստան ներկրուած է գրեթէ 190 հազար մեքենայ, որոնց համար ներկրողները 95 միլիառ դրամ հարկ մուծած են: Անցած տարի 2018-ի համեմատ ներկրուած մեքենաներու քանակը շուրջ 3 անգամ աւելի է։

Ընդհանուր առմամբ, 2019 թուականին Հայաստանի մէջ աւելի քան մէկ ու կէս թրիլիոն դրամ հարկ վճարած են, որմէ մօտ 43 միլիառ դրամը Պետական եկամուտներու կոմիտէն (ՊԵԿ) վերադարձուցած է տեպեթային, «հին պարտքերը»։
2018-ի համեմատ, հաւաքագրուած հարկերու աճը, ՊԵԿ-ի նախագահ Դաւիթ Անանեանի ներկայացմամբ, 20 տոկոսէն աւելի է. – «Մեր նպատակը ոչ թէ ծրագրային ցուցանիշները կատարելն է, այլ ծրագրային ցուցանիշներու համեմատ, իրական կեանքի համեմատական տալն է։ Այլ կերպ ըսած՝ մենք ուղղակի կ’օգնենք հարկ վճարողներուն, որպէսզի իրենք ամբողջ ծաւալով յայտարարագրէն իրենց հարկային եկամուտները»։

Անանեանի խօսքով, 2020-ին հաւաքագրուելիք գումարները, իրենց պատկերացմամբ, շատ աւելին կը կազմեն, քան նախատեսուած է պետական պիւտճէով։
Ան յիշեցուցած է, որ դեռ յեղափոխութենէն առաջ վարչապետ Փաշինեանը յայտարարած էր, որ պիւտճէթային եկամուտները 30-40 տոկոսով աւելցնելու հնարաւորութիւն կայ. – «Եկէք արձանագրենք, որ 2018 եւ 2019 թուականներու փաստացի գործունէութեան հետեւանքով մեր հարկ վճարողներու հետ միասին մենք կրցած ենք այնքան հարկեր մուտքագրել, որ կազմած է 2017 թուականի փաստացի ցուցանիշի նկատմամբ 44 տոկոսի աճ»։

Տօնական օրերուն Հայաստանի մէջ, անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ, 32 տոկոսով աւելի Հսկիչ-դրամարկղային մեքենայի (ՀՏՄ) կտրօն տպուած է. – «Մօտաւորապէս 10,5 միլիոն ՀՏՄ կտրօն տրամադրուած է նախորդ տարուան, եթէ չեմ սխալիր, 7 ու քանի միլիոնի փոխարէն։ Շուրջ 22 տոկոս աւելցած է շրջանառութիւնը»։

Անանեանի վստահեցմամբ՝ քաղաքացիները հարկեր վճարելու հարցով հետաքրքրուածութիւն կը դրսեւորեն։ Ան ըսած է, թէ մարդիկ տարիներ շարունակ չեն մտածած որ այդ իրենց իրաւական պարտականութիւնն է. – «Արդէն մարդիկ կան, որ կը հետաքրքրուին իրենց սահմանադրական պարտականութիւններու կատարումով, որուն համար ալ մենք կանք։ Մեր գործառոյթն է այն, որ մենք, հանրութեան ծառայութիւններ մատուցելով, ճիշդ ուղին ցոյց տանք»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment