Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեանի Գահակալութեան Արարողութիւնը

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեանի Գահակալութեան Արարողութիւնը

by MassisPost

11 Յունուար 2020-ին Պոլսոյ աթոռանիստ հայկական Սուրբ Աստուածածին Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած է Պոլսոյ նորընտիր  պատրիարք Սահակ եպս. Մաշալեանի գահակալութեան արարողութիւնը:

ժամերգութեան ժամանակ Սահակ Բ անուանուած Սահակ եպս. Մաշալեանը երդում տուած է, ստացած է իր պատրիարքական ձեռնափայտը եւ գահ բարձրացած:

Հանդիսութեանը ներկայ էին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչները, կաթոլիկ եւ հայ կաթոլիկ համայնքներու առաջնորդները, Յունաց պատրիարքը, հրէական համայնքի կրօնապետը, ասորական կաթոլիկ եւ ուղղափառ եկեղեցիներու հովուապետերը, Թուրքիայի ներքին գործերու նախարարութեան եւ Ստամբուլի նահանգապետարանի ներկայացուցիչներ, օտարերկրեայ դիւանագէտներ, հիւրեր:

Մաշալեան սրբազանը թափօրի ուղեկցութեամբ հանդիսաւոր կերպով մտաւ մայր եկեղեցի: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ անոր երդման արարողութիւնը եւ ասայի՝ պատրիարքական գաւազանի յանձնումը: Գահակալման հանդիսութեան ժամանակ կաթողիկոսական կոնդակով Սահակ Մաշալեանին շնորհուեց արքեպիսկոպոսի աստիճան: Գահակալման արարողութիւնէն յետոյ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, ներկաները շնորհաւորեցին ու յաջողութիւն մաղթեցին պատրիարքին իր ծառայութեան մէջ:

Կիրակի օրը իր առաջին պատգամով պատրիարքը Սուրբ ծննդեան աւետիսը տուաւ՝ երախտագիտութիւն յայտնելով հաւաքուածներուն այս յիշարժան օրը իր հետ կիսելու համար:

Հարիւրաւոր հաւատացեալներ ողջունեցին պատրիարքին՝ ստանալով անոր հայրական օրհնութիւնը: Պատարագի ժամանակ Պոլսոյ Սահակ Երկրորդ պատրիարքի անունը առաջին անգամ յիշատակվեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, Մեծի Տան Կիլիկիոյ կաթողիկոսի եւ Երուսաղէմի պատրիարքի անունների հետ միասին: Նախօրէին աթոռանիստ եկեղեցին կրկին մարդաշատ էր Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի գահակալման արարողութեան առիթով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment