Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ցուցարարները կը Պահանջեն Կալանաւորել Ապօրինի Որդեգրման Գործով Մեղադրեալները

Ցուցարարները կը Պահանջեն Կալանաւորել Ապօրինի Որդեգրման Գործով Մեղադրեալները

by MassisPost

Գլխաւոր դատախազութեան առջեւ հաւաքուած էին տարբեր տարիներու իրենց նորածինները կորսնցուցած մայրեր։ Անոնք վստահ էին, որ իրենց փոքրիկներն ապօրինի գործարքներու զոհ դարձած են։

Ցուցարարները կը պահանջեն կալանաւորել Վերարտադրողական առողջութեան, կինեքոլոկիայի հանրապետական կեդրոնի տնօրէն Ռազմիկ Աբրահամեանն ու ապօրինի որդեգրումներու գործով անցնող միւս չորս մեղադրեալները։ Դատարանները շաբաթներ առաջ բոլորը ազատ արձակած էին։ Ընդ որում ծանր յօդուածներով մեղադրուող Ռազմիկ Աբրահամեանի պարագային՝ առանց գրաւի կիրառման։ Դատարանը քննիչի կալանաւորման միջնորդութիւնը մերժած էր հիմնաւոր կասկածի բացակայութեան հիմքով։

Գլխաւոր դատախազութեան առջեւ հաւաքուած մայրերն ըսած են՝ եթէ փաստաթուղթերուն մէջ հիմքերը պակաս են, ապա իրենք կենդանի վկաներ են։

Դատախազութեան բակին մէջ պատմուող պատմութիւնները տարբեր տարիներու տեղի ունեցած ողբերգական դէպքեր էին, բոլոր մայրերը կը պնդէին, որ իրենց տեղեկացուցած էին, որ իրենց երեխաները մահացած են, բայց անոնց մարմինները ցոյց չեն տուած։ Դէպքերու գերակշիռ մասը հանրապետական հիւանդանոցին մէջ եղած է։

Ինչո՞ւ այնուամենայնիւ մայրերը լռած են, տարիներ, յաճախ տասնամեակներ շարունակ։ «Հայոց մայրեր» հասարակական շարժման ղեկավար Հայկուհի Խաչատրեանը, որ ամիսներ առաջ երեխային կորսնցուցած է եւ վստահ է, որ իր փոքրիկը առքուվաճառքի առարկայ դարձած է, պնդած է՝ շատերը վախցած են, կամ պայքարած են իրենց նորածիններուն համար, բայց անարդիւնք. – «Վախեցել են նախկին իշխանութիւններից։ Ոմանք պայքարել են տարիներ շարունակ, մինչեւ օրս պայքարում են, բայց չեն հասել արդիւնքի»։

Անոր խօսքով, մայրերը սկսած են համախմբուիլ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան բացայայտումներէն, ապա ապօրինի որդեգրումներու փաստով յարուցուած քրէական գործէն ետք։ Մայրերը պնդած են, որ մեղադրեալները պէտք չէ ազատութեան մէջ ըլլան։

Դատախազութիւնն ալ նոյն կարծիքը ունի եւ արդէն իսկ առաջին ատեանի որոշումներու վերաբերեալ վերաքննիչ բողոքներ ներկայացուցած է։

Գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը հանդիպած է մայրերուն հետ եւ խոստացած է, որ գործէ առարկայական քննութիւն։

«Նրանք խոստացան, որ գործը առարկայականօրէն քննուելու է, ցանկալի արդիւնքը ստանալու ենք, բոլորիս նպատակը գործի բացայայտումն է։ Նրանք բողոքարկել են Ռազմիկ Աբրահամեանին ազատ արձակելու որոշումը», – փոխանցած է Հայկուհի Խաչատրեանը։

Դատախազութենէն մայրերուն վստահեցուցած են, որ ապօրինի որդեգրումներու քրէական գործին «վերերէն» միջամտողներ չկան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment