Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեանի Գործով Նախաքննութիւնը Աւարտած է

Սերժ Սարգսեանի Գործով Նախաքննութիւնը Աւարտած է

by MassisPost

«Փաստինֆօ»-ի տեղեկութիւններով` Յատուկ քննչական ծառայութիւնը (ՅՔԾ) աւարտած է ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գործով նախաքննութիւնը։

Քրէական գործով կայ եւս մի քանի մեղադրեալ, որոնց շարքին՝ Գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Սերգօ Կարապետեանը եւ «Ֆլեշ» ընկերութեան սեփականատէր Բարսեղ Բեգլարեանը։ Նախաքննական մարմինը ժամանակ տուած է կողմերուն` գործին ծանօթանալու համար։

ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանին մեղադրանք առաջադրուելու մասին ՅՔԾ-ն յայտարարեց 2019 թուականի Դեկտեմբեր 4-ին: Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան` զբաղցնելով ՀՀ նախագահի պաշտօնը, ան իր պաշտօնէական դիրքն օգտագործելով, 2013 թուականին կազմակերպած է պաշտօնատար խումբ մը անձանց կողմէ պետութենէն վատնելու եղանակով առանձնապէս խոշոր չափերով գումարի՝ 489.160.310 ՀՀ դրամի յափշտակութեան կատարումը: Անոր մեղադրանք առաջադրուած է` ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 38-179-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով եւ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւն՝ չհեռանալու մասին։

ՀՀԿ-ն յայտարարած է, որ Սերժ Սարգսեանը կ’ենթարկուի քաղաքական հետապնդման, իսկ փաստաբանական խումբը նշած է, որ չէ յաղթահարուած անոր գործառութային անձեռնմխելիութիւնը եւ որպէս մեղադրեալ ներգրաւելու որոշման դէմ բողոք ներկայացուցած է ինչպէս դատախազութիւն, այնպէս ալ` դատարան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment