Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ա1+» Հեռուստաընկերութիւնը կը Պահանջէ Վերականգնել Խախտուած Իրաւունքները

«Ա1+» Հեռուստաընկերութիւնը կը Պահանջէ Վերականգնել Խախտուած Իրաւունքները

by MassisPost

Վարչական դատարանը վարոյթ ընդունած է «Ա1+» հեռուստաընկերութեան հայցն ընդդէմ կառավարութեան։ Առաջին դատական նիստը նշանակուած է Մարտ 13-ին։

Հեռուստաընկերութեան հիմնադիր Մեսրոպ Մովսիսեանի խօսքով՝ նախորդ կառավարութիւնները 17 տարի շարունակ խախտած են իրենց իրաւունքն ու զրկած հեռուստաեթերէ:

Փաստաբան Արա Ղազարեանը, ներկայացնելով գործը, պարզաբանած է՝ կը վիճարկեն 7 վարչական աքթեր, որոնք կայացած են 2003 թուականին: Կը պահանջեն զանոնք առոչինչ ճանչնալ, այլ ոչ թէ անվաւեր։

«Յայտնի փաստ է, որ այդ եօթ մրցոյթները, որ անցկացուեցին եւ վարչական աքթերը կայացուեցին, ասենք, ընդունուեց թիւ 18Ա որոշումը, թիւ 29Ա որոշումը, դրա նպատակը չէր բարելաւել ռատիոհեռուստատեսութեան կամ հեռարձակման ոլորտը, որովհետեւ մրցոյթի նպատակը դա է, այլ դրա նպատակն էր թոյլ չտալ «Ա1»-ին վերադառնալու, որովհետեւ «Ա1»-ն անկախ հեռուստաընկերութիւն էր։ Նշանակում է՝ այդ ընթացակարգերը եւ օրէնսդրական հիմքերը իրենց նպատակին չէին ծառայում, այլ ծառայում էին թաքնուած, քօղարկուած քաղաքական օրակարգի, նշանակում է՝ սա արդարադատութեան առերեւոյթ ոտնահարում է», – ըսած է Արա Ղազարեանը։

Աւելի վաղ «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ «Ա1+»-ի հիմնադիրը պատմած էր, որ այն ժամանակ ՀՌԱՀ-ի նախագահ Գրիգոր Ամալեանը պարզապէս հրահանգ ստացած է «վերերէն»։ Հիմա կը պահանջեն, որ նոր կառավարութիւնն ընդունի նախորդի սխալն ու վերականգնէ խախտուած իրաւունքները։

«Պայքարը «Ա1+»-ի իրաւունքների համար երբեք չի դադարել», – ըսած է Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէի նախագահ Աշոտ Մելիքեանը՝ յիշեցնելով՝ նախկին իշխանութիւնները պարզապէս կ’արհամարհէին իրենց, այդ պատճառով «Ա1+»-ը մինչեւ օրս հեռուստաեթեր չունի, կը հեռարձակուի միայն օնլայն տիրոյթի մէջ։

Թէեւ բողոքարկուող որոշումները 7-ն են, բայց 17 տարիներու ընթացքին13 մրցոյթի մասնակցած են։ Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէի նախագահ Աշոտ Մելիքեանի փոխանցմամբ՝ յաղթող կը ճանչցուէին ընկերութիւններ, որոնք որեւէ կերպ յայտնի չէին ո՛չ լսարանին, ո՛չ լրագրողական հանրութեան, այսինքն` նոր ստեղծուող ընկերութիւններ էին։

Ներպետական ատեաններու մօտ այս որոշումները բողոքարկելէ ու մերժուելէ ետք, 2002 եւ 2004 թուականներուն «Ա1+-ի» սեփականատէր «Մելթեքս» ընկերութիւնը դիմած էր Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ)։

2008 թուականի Յունիս 17-ին Եւրոպական դատարանն իր վճիռով արձանագրած էր «Ա1+»-ի իրաւունքներու խախտման փաստն ու Հայաստանին պարտաւորեցուցած «Ա1+»-ի սեփականատէր «Մելթեքս» ընկերութեան վճարել 30 հազար եւրօ՝ 20 հազար եւրօն բարոյական վնասի եւ 10 հազարը որպէս դատական ծախսերու փոխհատուցում։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment