Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ֆէյսպուք»-Ի Մէջ «Տիանա Յարութիւնեան» Անուամբ Հանդէս Եկող Երիտասարդը Կալանաւորուած Է

«Ֆէյսպուք»-Ի Մէջ «Տիանա Յարութիւնեան» Անուամբ Հանդէս Եկող Երիտասարդը Կալանաւորուած Է

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գոյութիւն չունեցող շնորհաւորանքի հեղինակ, «Տիանա Յարութիւնեան» անուամբ յայտնի օգտատիրոջ մեղադրանք առաջադրուած է ազգային, ցեղային կամ կրօնական թշնամանք յարուցելու, ինչպէս նաեւ համակարգչային տեղեկատւութեանն ապօրինի տիրանալու յօդուածներով:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն (ԱԱԾ) յայտնած են՝ քաղաքացին արդէն կալանաւորուած է։ Իսկ թէ ո՞վ է «Տիանա Յարութիւնեան» անուան ետին կանգնած անձը, ծառայութենէն առայժմ փակագիծերը չեն բացած։

Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէի նախագահ Աշոտ Մելիքեանը կը կարծէ, որ կեղծ հրապարակման հեղինակին առաջադրուած մեղադրանքները պարզապէս յարմարեցուած են անոր պատասխանատուութեան ենթարկելու համար։ Փորձագէտի խօսքով՝ նմանօրինակ կեղծ լուրերը կանխելու համար նոր օրէնսդրական փոփոխութիւններ անհրաժեշտ են։

«Բայց միւս կողմից երբեք չի կարելի թոյլ տալ, որպէսզի սահմանափակումները, այդ թւում նաեւ օրէնսդրական սահմանափակումները լինեն այնպիսին, որ վտանգեն խօսքի ազատութիւնը։ Էստեղ պէտք է գտնել այն ոսկէ միջինը, որտեղ, որ չի վնասուի խօսքի ազատութիւնը եւ միւս կողմից պատնէշ կը դրուի նմանատիպ վնասակար գործողութիւնների», – նշած է Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէի նախագահը։

Մելիքեանի կարծիքով՝ «Տիանա Յարութիւնեան» անուամբ հանդէս եկող օգտատէրը ամենեւին ալ միամտաբար չէ ըրած այդ հրապարակումը, հակառակ անոր, որ քաղաքացին պնդած էր, թէ չէ պատկերացուցած, որ իր գրած տեղեկութիւնը նման հետեւանք կ’ունենար։

«Այն գործիքները, որոնք որ օգտագործուել են առաջ թշնամական գործողութիւնները կանխելու համար եւ այլն, արտաքին թշնամու դէմ այն, ինչ կիրառուել է հիմա կարծես թէ կիրառւում է ներքին սպառման համար, բայց էլի արտաքին ազդեցութիւն է տալիս», – ըսած է Աշոտ Մելիքեանը։

«Տիանա Յարութիւնեան» անուամբ ֆէյսպուքեան էջին Յունուար 3-ին տեղեկութիւն հրապարակած էր այն մասին, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորած է ԱՄՆ նախագահը՝ իրանցի բարձրաստիճան զինուորական Քասէմ Սուլայմանիի սպանութեան առիթով։ Այդ տեղեկութիւնն անմիջապէս տարածուած էր ատրպէյճանական եւ իրանական լրատուամիջոցներու մէջ։

Տեղեկատւութեան ազատութեան կեդրոնի ղեկավար Շուշան Դոդիոյեանը սխալ կը համարէ ամէն կեղծ տեղեկութիւն տարածողը քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելը։ Ըսած է՝ իրականութեան չհամապատասխանող տեղեկատւութիւն ցանկացած ոք կրնայ տարածել, բայց ոչ դիտաւորեալ։

«Կեղծ տեղեկատւութիւն տարածելու համար, միայն այդ բանի համար քրէական պատասխանատուութիւն, այն էլ նման խիստ պատժատեսակներով սպառնալիքը ուղղակիօրէն անհամատեղելի է, այսպէս ասած, մեր երկրի ժողովրդավարական զարգացումների հետ, եւ ես դէմ եմ դրան։ Արդէն տարուց աւելի է խօսում եմ այն մասին, որ ընդհանրապէս կեղծ տեղեկատւութեան կամ մանիփուլացիաների դէմ պայքարի շատ աւելի լաւ եւ աւելի արդիւնաւէտ ձեւեր կան, քան միայն պատիժներով եւ սպառնալիքներով կանխելը կամ սպառնալը։ Դա առաջինը զանգուածային, հանրային իրազեկման եւ գիտակցութեան բարձրացմանն ուղղուած քայլ է, որը պէտք է պետութիւնը անի», – ընդգծած է Դոյդոյեանը։

Փորձագէտը դէմ չէ, որ նման դէպքերու համար վարչական պատասխանատուութիւն սահմանուի, բայց կրկին օրէնսդրական կարգաւորումներն այնպիսին պէտք է ըլլան, որ չսպառնան ազատ խօսքին։

Մեղադրանքը հաստատուելու պարագային ֆէյսպուքեան կեղծ օգտահաշիւը վարած անձին 2-էն մինչեւ 6 տարի ազատազրկում կը սպառնայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment