Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան- Իրան Թռիչքները Պիտի Շարունակուին

Հայաստան- Իրան Թռիչքները Պիտի Շարունակուին

by MassisPost

ՀՀ Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէն մշտական կապի մէջ է EASA-ի (European Aviation Safety Agency), Եւրոպական հսկողութեան (European Organization for the Safety of Air Navigation), ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ եւ Ռուսաստանի օդագնացութեան իշխանութիւններուն հետ, ըսուած է կոմիտէի յայտարարութեան մէջ:

Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէն յայտնած է, որ դեռ չկայ Իրանի օդային տարածքով թռիչքները դադրեցնելու որեւէ հիմք: Միեւնոյն ժամանակ նշած են, որ Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէն կը շարունակէ հետեւիլ իրադարձութիւններու յետագայ զարգացման եւ հանրութեան մշտապէս պիտի իրազեկէ իր որոշումներու մասին:

«Armenia Airways» օդանաւային ընկերութեան կողմէ իրականացուող Երեւան-Թեհրան յաջորդ թռիչքը կը նախատեսուի Յունուար 10-ին: Իսկ «UR» օդանաւային ընկերութեան կողմէ իրականացուող Էրպիլ-Երեւան-Էրպիլ թռիչքը կը նախատեսուի Յունուար 12-ին: Թռիչքներու փոփոխութեան պարագային Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէն պիտի տեղեկացնէ մինչ թռիչքներու իրականացումը:

Յիշեցնենք, որ «Ուքրանիոյ միջազգային օդագնացութեան ուղիներու» օդանաւը կործանուած է Թեհրանի «Իմամ Խոմեյնի» օդակայանէն թռիչք կատարելու ժամանակ։ Ըստ ճշդուած տուեալներու՝ օդանաւին մէջ եղած են 167 ուղեւորներ եւ անձնակազմի 9 անդամներ, ամենայն հաւանականութեամբ՝ անոնք բոլորը զոհուած են։

Որպէս օդանաւային աղէտի պատճառ նշուած է արհեստագիտական անսարքութիւնը։

Ըստ նախնական տուեալներու, օդանաւի կործանման հետեւանքով զոհերու ցանկին մէջ Հայաստանի քաղաքացիներ չկան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment