Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նարեկ Սարգսեանը Տեղափոխուեցաւ Հայաստան

Նարեկ Սարգսեանը Տեղափոխուեցաւ Հայաստան

by MassisPost

ՀՀ Ոստիկանութիւնը տեսանիւթ հրապարակած է՝ տեղեկացնելով, որ Սերժ Սարգսեանի եղբօրորդի Նարեկ Սարգսեանը Չեխիայէն տեղափոխուած է Հայաստան։

Ոստիկանութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է․ «21 Դեկտեմբերին ոստիկանութեան ծառայողներու ուղեկցութեամբ Չեխիայէն Հայաստան տեղափոխուած է Նարեկ Ալեքսանտրի Սարգսեանը։ Յիշեցնենք, որ 2018 թուականի 26 Յունիսին ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ քրէական գործ յարուցուած է՝ քրէական օրէնսգիրքի ապօրինի կերպով զէնք, ռազնամթերք, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերելու, իրացնելու, պահելու, փոխադրելու կամ կրելու եւ թմրամիջոցներու, հոգեմետ (հոգեներգործուն) նիւթերու ապօրինի շրջանառութիւնը իրացնելու կամ պատրաստելու նպատակով կամ անոնց ապօրինի իրացնելու յատկանիշներով:

6 Յուլիսին Նարեկ Սարգսեանի նկատմամբ յայտարարուած էր հետախուզում, 24 Յուլիսին՝ միջազգային հետախուզում: Ոստիկանութեան տարբեր ստորաբաժանումներ, ինչպէս եւ ՀՀ-ի մէջ Ինթըրփոլի ազգային կեդրոնական բիւրոն, համագործակցելով եւրոպական շարք մը երկիրներու իրաւապահ կառոյցներու ու Ինթըրփոլի հետ, ծաւալուն հետախուզական միջոցառումներու շնորհիւ, 6 Դեկտեմբերին Պրահայի մէջ յայտնաբերած էին ՀՀ իրաւապահ մարմիններու կողմէ միջազգային մակարդակով հետախուզման մէջ գտնուող Նարեկ Ալեքսանտրի Սարգսեանին:

Յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը կը շարունակուի»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment