Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քոչարեանի Աջակիցը Կ’ընդունի՝ Ինքն Էր Ոստիկանութեան Տարածած Տեսանիւթին Մէջ Զրուցողը Մարտ 1-Ի Տուժողի Հետ

Քոչարեանի Աջակիցը Կ’ընդունի՝ Ինքն Էր Ոստիկանութեան Տարածած Տեսանիւթին Մէջ Զրուցողը Մարտ 1-Ի Տուժողի Հետ

by MassisPost

Երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի աջակից Վարուժան Մկրտչեանը ընդունած է՝ Ոստիկանութեան հրապարակած տեսանիւթին մէջ ինքն էր զրուցողը Մարտ 1-ի գործով տուժողի հետ: Զրուցակցին կը ճանչնայ աւելի քան երեսուն տարի, անունը չի տար, քանի որ նախաքննական գաղտնիք է: Իրենց զրոյցի մէջ քրէօրէն հետապնդելի որեւէ բան չի տեսներ, ըսած է՝ տուժողը ինքը զինք գտած է ու ակնարկած իրաւապահներու կողմէ ճնշումներու մասին: Մկրտչեանը պնդած է, թէ տեսանիւթին մէջ իր ըսածները երաշխիքներ էին, որ Մարտ 1-ի գործով տուժողը դատարանին մէջ կրկնէ նախաքննութեան ընթացքին տուած ցուցմունքները, ոչ թէ փոխէ զանոնք:

«Ուրեմն, եթէ Դուք նորից նայէք այնտեղ, երբ որ իրա նկատմամբ բիրտ ուժեր կը կիրառուեն, ինչ-որ բաներ կը կիրառուեն, որոնք օրէնքի տառից դուրս են, կը ստիպեն ինչ-որ մի բանի, եթէ՝ այնտեղ յստակ ասւում է՝ «եթէ քո նկատմամբ կը լինեն որեւիցէ մի ոտնձգութիւններ, դու էլ էկել ես որպէս անձ, ուղղակի, ասում ես՝ սենց չի լինի, ինծի ճնշում են, եւ այլն, եւ այլն», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Վարուժան Մկրտչեանը, հարցին ալ՝ «ասում էր՝ ոստիկաններն են, հա՞, ճնշել, երեւի», արձագանգելով․ – «Դէ ինչեւէ, տենց ինչ-որ մի բանի մասին երեւի կար, չէ՞, դրանից առաջ, ամբողջութեամբ տեսանիւթը իրա մասով հրապարակուած չէ»:

Հարցին՝ մինչ այդ ինչ-որ մէկու հետ զրուցա՞ծ էր, քանի որ, ըստ էութեան, զրուցակցի հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք կը բերէ, ան արձագանգած է․ – «Ինչ որ ինքը իրա ձեռքում կար, ինչի մասին որ կար, «դու չես հակասելու քեզ», ես նոյն բանն եմ ասում, ինչ որ ինքը․․․ ինչի մասին որ [նախաքննական ցուցմունքներում] ասել էր, ես յստակ ասում եմ, չէ՞, ոնց էղել ա, «հո չե՞ս ասելու, որ ոստիկաններն են քեզ հարուածել, չե՞ս փոխելու ցուցմունքդ, ի՞նչ կայ, դու չգնաս ոչ մի անօրինական ճանապարհով», այսինքն»:

Յիշեցնենք, որ Ոստիկանութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է՝ փաստական տուեալներ ձեռք բերուած են, որ Հայաստանի երկրորդ նախագահի աջակիցները կը հանդիպին 2008 թուականի Մարտ 1-ի դէպքերէն տուժած անձանց եւ ականատես վկաներու հետ ու կը փորձեն անոնց կաշառել, որպէսզի հրաժարին իրենց ցուցմունքներէն։

Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբան Հայկ Ալումեանը,  արձագանգելով Ոստիկանութեան հրապարակած տեսանիւթին, առաջ քաշած էր այսպիսի վարկած՝ իշխանութիւնները ցանկացած մէկուն կրնան ներդնել որպէս Քոչարեանի աջակից, իսկ յետոյ կազմակերպել այն, ինչ կ’ուզեն ներկայացնել որպէս իրականութիւն: Վարուժան Մկրտչեանը պնդած է՝ ինքը միշտ Քոչարեանի գաղափարակիցը եղած է, իսկ իշխանութիւնները սա ըրած են խումբին մէջ պառակտում սերմանելու համար: «Բայց բացարձակ տենց բան չկայ: Ես ի սկզբանէ յայտարարում եմ ուղիղ, որ յեղափոխութեանը չեմ մասնակցել, դէմ եմ եղել իշխանութիւնների վարած քաղաքականութեանը եւ այդպէս դէմ էլ կը մնամ», – յայտարարած է Մկրտչեանը՝ աւելցնելով, որ ինք շատոնց Ռոպերթ Քոչարեանի գաղափարակիցն է․ – «Բայց դատավարական գործընթացին արդէն մի քանի ամիս է, բնականաբար, ես ինքս ցանկութիւն եմ յայտնել մասնակցելու»:

Տեսանիւթին մէջ նաեւ կ’երեւայ զէնք, որ ինքը՝ Մկրտչեանը կ’անուանէ մարտական, նաեւ կը խօսի  յեղաշրջման մասին: Արդէն «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած էր՝ զէնքը «սուվընիր» էր, իսկ «պերեվառոտ» (յեղաշրջում) ըսելով՝ գաղափարական յեղաշրջումը նկատի ունէր: Հարցին՝ Ոստիկանութիւնը գրաւա՞ծ  է զէնքը, Մկրտչեանը պատասխանած է․ – «Չէ, իմ մօտ չի, սուվընիր էր՝ տարել են, դրած էր, հիմա դրած չի, ի՞նչ կայ դրա մէջ: Ու երբեւէ, մենք գաղափարական յեղաշրջողներ ենք»:

Ան վստահեցուցած է, որ Քոչարեանի ընտանիքի անդամներու, գրասենեակի, կամ նախկին նախագահի հետ առնչութիւն ունեցող ոեւէ անձի հետ չէ համաձայնեցուցած կամ չէ քննարկած այն ամէնը, ինչ հնչած է տեսանիւթին մէջ․ – «Բացարձակ: Տուժածը եկել, ինքն իրանն ասել, գնացել ա»: Մկրտչեանի հաւաստմամբ՝ շփում չէ եղած նաեւ քրէական գործի յարուցումէն ետք․ – «Բացարձակ, ընդհանրապէս շփում չի էղել»:

Վարուժան Մկրտչեանը ըսած է՝ տուժողը իրենց գրասենեակ այցելած է ամիսներ առաջ, խուզարկութիւնը տեղի ունեցած է երէկ: Յարուցուած քրէական գործով իր կարգավիճակի մասին որեւէ տեղեկութիւն չունի: Յայտարարած է՝ թոյլ չի տար, որ իշխանութիւններն այս քրէական գործով իրեն ստիպեն հրաժարիլ իր գործունէութենէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment