Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱԽ Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Կլէնտէլի Քաղաքապետական Խորհուրդի Անդամ Վարդան Կարպետեանի Թեկնածութեան

ՀԱԽ Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Կլէնտէլի Քաղաքապետական Խորհուրդի Անդամ Վարդան Կարպետեանի Թեկնածութեան

by MassisPost

ՍԴՀԿ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը (ՀԱԽ) յառաջիկայ Մարտ 3-ին տեղի ունենալիք Կլէնտէլի Քաղաքապետական Խորհուրդի ընտրութիւններուն առթիւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Խորհուրդի ներկայիս անդամ՝ Վարդան Կարպետեանի վերընտրութեան:

Կարպետեան Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ ընտրուած է 2015-ին, մեծ առաւելութիւն արձանագրելով իր մրցակիցներուն նկատմամբ: Երկու տարի ետք ան նշանակուած է քաղաքապետի պաշտօնին:

«Այն ժամանակ երբ Վարդան առաջին անգամ ընտրուեցաւ Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ, մենք, որպէս բնակիչներ եւ նաեւ գործարարներ, տեսանք բազմաթիւ դրական փոփոխութիւններ քաղաքէն ներս»,- ըսաւ ՀԱԽ-ի անդամ Կարօ Պեքարեան: «Մենք կը գնահատենք անոր ղեկավարի յատկանիշները, իր տեսլականը եւ հարցեր լուծելու կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքէն ներս բոլորի համար կեանքը բարելաւելու պատրաստակամութիւնը, անկախ թէ անոնք ընկերային ինչ խաւերու կը պատկանին եւ կամ ինչպիսի նիւթական կարողութիւն ունին»,- աւելցուց Պեքարեան:

Որպէս Կլէնտէլի երկարամեայ բնակիչ եւ փոքր գործարար, Խորհուրդի անդամ Վարդան Կարպետեան երկար տարիներ իր անձնական եւ արհեստակցական կեանքը նուիրած է համայնքին:

Մենք կը հաւատանք որ Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ Վարդան Կարպետեանի նուիրումը, ուսումը, արհեստակցական փորձառութիւնը եւ Կլէնտէլի համայնքային կեանքին իր մասնակցութիւնը պիտի շարունակեն տալ դրական լուծումներ՝ քաղաքի ներկայիս դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

Խորհուրդի անդամ Վարդան Կարպետեան փաստած է որ ինք հսկայական դրամագլուխ մըն է քաղաքի հզօրացման համար: Մենք անհամբեր կը սպասենք որ անոր նուիրումը եւ ղեկավարութիւնը շարունակուին տակաւին երկար տարիներ ու կոչ կ՚ուղղենք Կլէնտէլի քաղաքացիներուն, որպէսզի Մարտի ընտրութիւններուն քուէարկեն անոր օգտին:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment