Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետը Երեխաներու Ապօրինի Որդեգրման Դէպքը «Ցնցող» Որակեց

Վարչապետը Երեխաներու Ապօրինի Որդեգրման Դէպքը «Ցնցող» Որակեց

by MassisPost

Օտարերկրացիներու կողմէ երեխաներու ապօրինի որդեգրման գայթակղութիւնը կը ծաւալի. 4 անձ արդէն ձերբակալուած է, եւս մէկ հոգիի մեղադրանք առաջադրուած է։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կառավարութեան նիստին այս ամէնը բնորոշած է «ցնցող» բառով։

Ան ըսած է, որ երբ այս տարուան ամրան հաշուի առնելով բազմաթիւ ահազանգեր՝ խորհրդակցութիւն ունեցած է, յանձնարարած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեանն ու ոստիկանութեան զբաղիլ ահազանգերով, թերահաւատ էր, թէ կ’ըլլան բացայայտումներ. – «Շատ դէպքերում ահազանգերը, որ մենք ստանում էինք, ճիշդն ասած, զգացական պոռթկումների տպաւորութիւն էր թողնում, բայց հիմա, երբ յետահայեաց նայում ենք, գուցէ թէ մեր գնահատականն այդքան էլ ճիշդ չի եղել, գուցէ թէ այդ մարդկանց զգացումները յստակ փաստերից են սնուել, եւ պէտք է բոլոր այս կարգի դէպքերը հատ-հատ, առանձին-առանձին քննել, ուսումնասիրել», – յայտարարած է ան:

Փաշինեանը շեշտած է՝ «Կարեւոր է հասկանալ, թէ ինչպէս է պատահել եւ ինչպէս է պատահում, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնում կարող է նման մեխանիզմ գոյութիւն ունենալ եւ գործել», – նկատած է վարչապետը:

Քրէական գործի շրջածիրէն ներս ձերբակալուած են Հանրապետական հիւանդանոցի ծննդատան տնօրէն, տարիներ շարունակ հանրապետութեան գլխաւոր մանկաբարձ-կինեքոլոկի պաշտօնն զբաղցուցած Ռազմիկ Աբրահամեանը, որ, ի դէպ, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ է, նոյն ծննդատան փոխտնօրէն Արշակ Ջերջերեանը եւ «Երեւանի մանկան տան» 23 տարուան տնօրէն Լիանա Կարապետեանը: Անոնք կը կասկածուին խումբ մը անձանց կողմէ նախնական համաձայնութեամբ, ծնողներէն երեխան ապօրինի բաժնելու համար։

Ապօրինի որդեգրումներու գործով այս պահին ներգրաւուած են նաեւ Երեւանի երկու բնակիչներ։

Այս օրերուն բազմաթիւ անանուն ահազանգեր մամուլի մէջ յայտնուած են, տարբեր տարիներու ծննդաբերած կանայք կը պնդեն այն, ինչ քրէական գործի մէջ ձեւակերպուած է՝ իրենց ստիպած են հրաժարիլ երեխայէն։ Մարզերէն մէկուն մէջ ապրող կինը, որ չէ ուզած ներկայանալ, պնդած է՝ 12 տարի առաջ Հանրապետական հիւանդանոցին մէջ ծննդաբերած է, ունեցած է 3 քիլոկրամ քաշով առողջ աղջիկ։ Ըսած է, որ ինք ընկճուած, լքուած վիճակի մէջ էր. – «Ուղղակի գնացի, իմ վատ վիճակից իրենք օգտուեցին, ասացին՝ սիրուն կին ես, բա էն 2 երեխեդ մեղք են, ու ասեց՝ էտ երեխեն քեզ պէտք չի»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment