Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ստիոփա Սաֆարեանը՝ Հանրային Խորհուրդի Նոր Նախագահ

Ստիոփա Սաֆարեանը՝ Հանրային Խորհուրդի Նոր Նախագահ

by MassisPost

Կառավարութեան որոշմամբ Հանրային խորհուրդի նախագահ նշանակուած է քաղաքագէտ Ստիոփա Սաֆարեանը:

Քուէարկութենէն առաջ ելոյթ ունենալով՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է՝ քաղաքական առեւտուրի էջը Հայաստանի մէջ փակուած է, եւ սա վերջին առիթն է Հանրային խորհուրդի համար՝ ապացուցելու, որ արդիւնաւէտ կառոյց է:

«Այո, ես եմ առաջադրել պարոն Սաֆարեանի թեկնածութիւնը եւ ուրախ եմ դրա համար: Պարոն Սաֆարեանը Հայաստանի Հանրապետութիւնում երկար տարիներ հանրային-քաղաքական գործունէութիւն է ծաւալում, եւ կարծում եմ, որ այս նոր կարգավիճակում նրա գործունէութիւնը աւելի արդիւնաւէտ կը լինի՝ ի շահ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովրդի», – ըսած է Փաշինեանը:

Հանրային խորհուրդը ստեղծուած է 2008 թուականի Մարտ 1-2-ի արիւնալի իրադարձութիւններէն ետք՝ այն ժամանակուան իշխանութիւններու նախաձեռնութեամբ:

Երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կարգադրութեամբ՝ Ազգային ժողովրդավարական միութեան անփոփոխ առաջնորդ Վազգէն Մանուկեանը 2009 թուականի Մայիսին նշանակուած է Հանրային խորհուրդի նախագահ: Աւելի քան 10 տարի նախագահելէ ետք, անցեալ ամիս Մանուկեանը դուրս եկած է խորհուրդէն՝ խորհուրդի անդամներուն ուղղուած նամակին մէջ գրելով, որ անիմաստ կը համարէ իր գործունէութիւնը ստեղծուած պայմաններուն մէջ, Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութիւնը մեղադրելով երկրին մէջ անվստահութեան եւ ատելութեան մթնոլորտի ձեւաւորման համար:

Կառավարութեան նիստին վարչապետը ընդգծած է՝ ստեղծման առաջին օրէն միշտ ալ հարցականի տակ եղած է Հանրային խորհուրդի նպատակայարմարութիւնը:

«Սա, ըստ էութեան, Հանրային խորհրդի վերջին առիթն է՝ ապացուցելու, որ ինքը որպէս Կառավարութեան խորհրդատուական մարմին իսկապէս կարող է լինել ազդեցիկ», – յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Վարչապետը յիշեցուցած է՝ յեղափոխութենէն ետք, երբ խօսք կ’ըլլար քատրային ջարդի մասին, յայտարարած է, որ իւրաքանչիւրը պէտք է ունենայ իր առիթը,զէրօ միջամտութիւն ունեցած է յետյեղափոխական Հանրային խորհուրդի ձեւաւորման գործին։

«Նաեւ հաշուի առնելով, որ այնտեղ եղել են մարդիկ, ովքեր եղել են Երրորդ Հանրապետութեան ձեւաւորման ակունքներում»,- ընդգծած է Փաշինեանը, ապա շարունակած. – «Մեր շանս տալու այդ հնարաւորութիւնը ոմանց կողմից էլի ընկալուել է որպէս թուլութիւն, ոմանց կողմից ընկալուել է, թէ հին յարաբերութիւններն են իշխանութեան եւ մերձիշխանութեան, ընդ որում քաղաքական ուժերում էլ, ես նկատում եմ, որ այդ բանը կայ: Էն ինձ պաշտօն տուր, թէ չէ հեսա ասուլիս կ’անեմ, ինձ պաշտօն տուր, թէ չէ հեսա ցոյց կ’անեմ կամ ինձ պիզնեսի ոլորտ տուր, թէ չէ հեսա հարցազրոյց կը տամ, կասեմ՝ ինչ վատ գործընթացներ են կատարւում Հայաստանի Հանրապետութիւնում: Երեխուս գործի ընդունի, թէ չէ սենց, թէ չէ նենց: Այդ յարաբերութիւնները չեն կարող լինել, ինչքան էլ այդ մարդիկ ասուլիս անեն, կէսից կիսուեն, 4 մասի բաժանուեն, այդ յարաբերութիւնը չկայ: Քաղաքական առեւտուրի էջը Հայաստանի Հանրապետութիւնում փակուած է»:

Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ Ստիոփա Սաֆարեանը յայտարարած է՝ Վազգէն Մանուկեանը վերասահմանած էր Հանրային խորհուրդի առաքելութիւնը՝ իշխանութիւններու դէմ տրամադրելով հանրութիւնը, ինչն անընդունելի էր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment