Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերացիայի (ՀՖՖ) համար շինարարութիւն իրականացուցած «Զեյթուն կահոյքի ֆապրիքա» ընկերութիւնը պատկանած է ֆետերացիայի նախկին նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանին: Այս մասին Հայրապետեանը յայտարարած է արդէն երկրորդ ծաւալուն հարցազրոյցի ժամանակ, որ յաջորդած էր ֆետերացիային առնչուող քրէական գործի յարուցման:
«Այո, կահոյքի ֆապրիքայի սեփականատէրը ես եմ: Այո, ֆետերացիա, ես նախագահն եմ եղել էն ժամանակ, այո, շինարարական կազմակերպութիւնն իմն ա եղել, սեփականատէրն եմ», – ըսած է Ռուբէն Հայրապետեանը «Երկիր Մետիա»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ:
Ֆութպոլի ֆետերացիայի նախկին նախագահի առանձնատան մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած խուզարկութենէն ետք լրատուամիջոցներէն մէկուն մէջ տեղեկութեան արտահոսք եղած է, որ ըստ Ոստիկանութեան բացայայտման՝ Հայրապետեանը 2012-էն 2018 թուականներուն իր ենթականերու միջոցով կազմակերպած է երկրի քանի մը քաղաքներու մէջ ֆութպոլի մարզադաշտերու ու մարզադպրոցներու կառուցման եւ նորոգման աշխատանքներ, ապա, չկատարելով կամ մասնակի կատարելով պայմանագրերով նախատեսուած աշխատանքները, կազմած է իրականութեան չհամապատասխանող կատարողական աքթեր, իւրացուցած է խոշոր գումարներ: