Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանի Նախկին քաղաքապետներէն Մին 75 Հազար Տոլարի Կաշառք Ստացած է

Երեւանի Նախկին քաղաքապետներէն Մին 75 Հազար Տոլարի Կաշառք Ստացած է

by MassisPost

ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, որպէս առաջնահերթութիւն դիտարկելով կաշառակերութեան տարաբնոյթ դրսեւորումներու դէմ ուղղուած անզիջում պայքարը, օրէնքով իրեն վերապահուած գործառոյթներու շրջածիրէն ներս ձեռնարկուած հետախուզական միջոցառումներու եւ քննչական գործողութիւններու շնորհիւ բացայայտած է առանձնապէս խոշոր չափի կաշառք ստանալու դէպք: Այս մասին յայտնած են ՀՀ ԱԱԾ մամուլի կեդրոնէն:

Մասնաւորապէս, փաստական տուեալներ ստացած են, որ 2009 թ. Երեւան համայնքը ղեկավարող պաշտօնատար անձը քաղաքին մէջ բազմաբնակարան շէնք կառուցապատող կազմակերպութեան հիմնադիրէն՝ անոր օգտին գործողութիւններ կատարելու, կասեցուած շինարարութեան վերսկսման հետ կապուած խոչընդոտները վերացնելու, հարկայնութիւնն աւելցնելու համար, իր եղբօր միջնորդութեամբ 2009 թ. ընթացքին մաս-մաս, այդ շարքին նաեւ քաղաքապետարանի պաշտօնատար անձանց միջոցով, ստացած է առանձնապէս խոշոր՝ 75000 ԱՄՆ տոլարի չափի կաշառք, իսկ խնդիրներուն վերջնական լուծում տալու նպատակով պահանջած է նաեւ կառուցուող շէնքի մէջ Երեւանի քաղաքապետարանի կարիքներու համար յատկացնել 200 մ² մակերեսով բնակարան:

ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի համապատասխան յօդուածով առերեւոյթ յանցագործութեան դէպքի առթիւ ՀՀ ԱԱԾ քննչական բաժանմունքէն ներս յարուցուած է քրէական գործ, կը կատարուի նախաքննութիւն:

Պաշտօնական աղբիւրը ոչ հաղորդագրութեան մէջ, ոչ ալ «Ազատութեան» հարցմանն ի պատասխան չէ յստակեցուցած, թէ որ քաղաքապետի մասին է խօսքը․ մինչեւ 2009-ի մարտը Երեւանը ղեկավարած է Երուանդ Զախարեանը, ապա՝ Գագիկ Բեգլարեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment