Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը հանդիպում ունեցած է Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանի, խմբակցութեան անդամներ Մանէ Թանդիլեանի եւ Տարօն Սիմոնեանի հետ:
Նախագահի աշխատակազմի հաղորդմամբ՝ հանդիպման ներկայացուած են տարուայ ընթացքին «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան կողմէ իրականացուած աշխատանքները, օրէնսդրական գործունէութիւնը, միտքեր փոխանակուած են քաղաքական, տնտեսական, միջազգային յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցերու շուրջ:
Նախագահ Սարգսեանը տեղեկութիւններ ներկայացուցած է նախագահական տարբեր նախաձեռնութիւններու մասին:
Արմէն Սարգսեանը ընդունած է նաեւ Ազգային ժողովի անկախ պատգամաւոր, Լուսաւոր Հայաստան խմբակցութեան նախկին անդամ Արման Պապաճանեանը:
Պատգամաւորը տեղեկութիւններ ներկայացուցած է տարուան ընթացքին իր խորհրդարանական գործունէութեան մասին, որպէս ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի անդամ՝ անդրադարձած է խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերին: