Արամ Խաչատրեանի «Գայեանէ» պալեթի հանրայայտ «Սուսերով պարը» կը համարուի մեր օրերուն դասական երաժշտութեան ամենաշատ կատարուող գլուխգործոցներէն մէկը, որու ստեղծման պատմութեան շուրջ կը հիւսուի համանուն ֆիլմը՝ ներկայացնելով հանճարեղ երգահանի կերպարը, անոր մարդկային առինքնող իւրայատկութիւնները տրամաթիք հանգուցալուծում ստացող հոգեբանական չափազանց բարդ իրավիճակի մէջ՝ 1942-ի ձմրան, երբ խորհրդային բռնապետութեան գրաքննութեան, մատնութեան, քոմունիսթ չինովնիկներուն ամենաչնչին անհնազանդութեան պարագային ամէն վայրկեան, ի թիւս այլոց, արուեստագէտին կը սպառնար մահուան կամ լաւագոյն պարագային սիպիրեան աքսորավայրի մէջ յայտնուելու իրական վտանգը։
Ֆիլմը ստեղծուած է երգահանի կեանքի իրական դէպքերու հիման վրայ։
Ֆիլմի անդրանիկ ներկայացումը արդէն տեղի ունեցած է եւ Դեկտեմբեր 12-էն այն պիտի ցուցադրուի մայրաքաղաքի շարժանկարի սրահներուն մէջ։
Արամ Խաչատրեանի կեանքի կարճ, բայց շատ բարդ ժամանակահատուած ներկայացնող «Սուսերով պար» ֆիլմը նկարահանած է մոսկուաբնակ յայտնի ֆիլմարտադրող Ռուբէն Տիշտիշեանի «Մարս Մետիա» ընկերութիւնը՝ Հայաստանի հետ համատեղ։
Արամ Խաչատրեանին նուիրուած ֆիլմի համար նախապէս յայտարարած սենարական մրցոյթի յաղթող ճանչցուած է բեմադրիչ, սենարիսթ Եուսուպ Ռազիկովը։ Ան լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ներկայացնելով ֆիլմի ստեղծման պատմութիւնը՝ շեշտած է, որ ինքը փոքր հասակէն տարուած եղած է Արամ Խաչատրեանի երաժշտութեամբ, քանի որ իր խորթ հայրը հայ եղած է ու իրենց տան մէջ միշտ հնչած է Խաչատրեանի երաժշտութիւնը, եւ իրեն համար մեծ պատիւ է, որ իրեն բախտ վիճակուած է խաղարկային ֆիլմ նկարահանել 20-րդ դարու լաւագոյն երգահաններէն մէկուն մասին։
39-ամեայ Արամ Խաչատրեանի կերպարը մարմնաւորած է Համբարձում Քաբանեանը։
Ֆիլմի նկարահանումները տեղի ունեցած են Ռուսաստանի եւ Հայաստանի մէջ՝ Երեւանի Ալեքսանտր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալեթի թատրոնին մէջ՝ թաւշեայ յեղափոխութեան վերջին հինգ օրերուն։
Եուսուպ Ռազիկովը պատմած էր, որ դուրսը մարդիկ յեղափոխութիւն կ’ընէին, իսկ իրենք ներսը ֆիլմ կը նկարահանէին եւ ճիշդ այն օրը, երբ յեղափոխութիւնը յաղթեց, աւարտած են ֆիլմի նկարահանումները։ «Իսկ փողոցները հազարաւոր մարդիկ կը պարէին ու կը թռչկոտէին, ամբողջ քաղաքը կարծես ուրախութենէն խենթացած ըլլար, մենք ամէն ինչ նկարած ենք», – պատմած է բեմադրիչը։