Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Թուրք Լրագրողը Եթերի Ժամանակ Խօսած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Հետ Առերեսուելու Անհրաժեշտութեան Մասին

Թուրք Լրագրողը Եթերի Ժամանակ Խօսած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Հետ Առերեսուելու Անհրաժեշտութեան Մասին

by MassisPost

Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութիւնը (CHP) ներկայացնող լրագրող Նեճտէթ Սարաչը «Halk TV» հեռուստաընկերութեան եթերի խօսած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ Թուրքիա բնակող հայերու վիճակի մասին։ Այս մասին կը յայտնէ Ermenihaber.am-ը:

Սարաչը նշած է, որ իր մանկութիւնն անցած է Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի շրջանի Քուրթուլուշ թաղամասին մէջ, որու շնորհիւ ան հայերու խնդիրներուն քաջածանօթ է։

«Հայերը իսկապէս շատ դժուար կացութեան մէջ են։ Թուրքիոյ մէջ շատ դժուար է փոքրամասնութիւն ըլլալը, յատկապէս այն պարագային, երբ իրականութեան մէջ մեծաթիւ ու ազդեցիկ համայնք ունիս։ Մենք մեր ականջներով լսած ենք «Ներողութիւն արտայայտութեանս համար՝ հայ» ձեւակերպումը եւ այն երբեք պիտի չմոռանանք»,- նշած է լրագրողը։

Յիշեցնենք, որ վերոնշեալ արտայայտութեան հեղինակը Էրտողանը եղած է իր վարչապետութեան օրօրք: Ան հեռուստաեթերէն ըսած էր, որ ընդդիմութիւնը կը զրպարտէ զինք. «Անոնք  զիս վրացի կ’անուանեն: Ներողութիւն արտայայտութեանս համար, բայց իմ հասցէին աւելի վատ խօսք ալ ըսած են. անոնք  զիս  «հայ» անուանած են»:

Ընդդիմադիր լրագրողը նաեւ աւելցուցած է, որ երբեմն մոռանալը ցանկալի ալ չէ, քանի որ որոշ բաներ իսկապէս յիշել պէտք է։

«Քիչ մը պիտի ընդլայնենք մեր մտահորիզոնը։ Գերմանիոյ վարչապետ Մերքէլը Լեհաստանի մէջ այցելած էր Օսվենցիմի համակեդրոնացման ճամբարի յուշահամալիր։ Ան այնտեղ շատ կարեւոր բան մը ըսաւ, բառացիօրէն հետեւեալը․ «Այս վայրը գերմանացիները ղեկավարած են, եւ մենք պէտք չէ մոռնանք առերեսուիլ այս պատմութեան հետ, պիտի յիշեցնենք»,- նկատել տուած է Սարաչը եւ շարունակած. «Իսկ մենք միշտ կը խուսափին այս թեմայէն, կ’ըսենք․ «Աման, այդ հարցերուն մի խառնուիք»։ Բայց քանի դեռ չես յիշեր, երեսով չես տար այս հարցերը, չի բարձրանար գիտակցութեան մակարդակ»:

Թուրք լրագրողը նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրած է յատկապէս այն հանգամանքի վրայ, որ Մերքէլը նման յայտարարութիւն ըրած է՝  ըլլալով բաւական պահպանողական քրիստոնեայ–դեմոկրատական կուսակցութեան առաջնորդ։ Խօսելով սեփական անցեալի հետ առերեսուելու անհրաժեշտութեան մասին՝ Սարաչը նաեւ յիշեցուցած է Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Ուիլի Պրանտի մասին, որ 1970-ի  Դեկտեմբեր 7-ին Վարշավայի մէջ ծնկաչոք ներողութիւն խնդրած էր հրեաներէն՝ նացիստական Գերմանիոյ կատարած հոլոքոսթի համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment