Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ Ժողովուրդի Վէրքը Ապաքինող Միակ Տեղը Թուրքիոյ Խորհրդարանն Է. Կարօ Փայլան

Հայ Ժողովուրդի Վէրքը Ապաքինող Միակ Տեղը Թուրքիոյ Խորհրդարանն Է. Կարօ Փայլան

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան՝ Twitter-ի վրայ կատարած իր գրառումով՝ անդրադարձած է ԱՄՆ-ի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման։

«Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը միաձայն ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ։

Քանի որ այս տարածաշրջանին մէջ գործուած մեծ յանցանքը նոյն այս տարածաշրջանին մէջ չի քննարկուիր եւ այստեղ չի վերահաստատուիր արդարութիւնը, ատոր համար ալ անիկա կը դառնայ այլ երկիրներու խորհրդարաններու քննարկման առարկայ։

Հայ ժողովուրդին վէրքերը կրնայ ապաքինել միայն մէկ խորհրդարան եւ ատիկա Թուրքիոյ խորհրդարանն է, որուն անդամն եմ ես»,- գրած է Փայլան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment