Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը ԼՂ Հարցի Կարգաւորման Գործընթացին Մէջ «Որեւէ Փաստաթուղթ Չեն Քննարկեր»

Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը ԼՂ Հարցի Կարգաւորման Գործընթացին Մէջ «Որեւէ Փաստաթուղթ Չեն Քննարկեր»

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեանը մամլոյ ասուլիսի ժամանակ չէ հաստատած Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնն այն մասին, թէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու յաջորդ հանդիպումը պիտի կայանայ Յունուարին։

«Կայ յստակ ձեւաչափ, որ հանդիպման մասին յայտարարում են համաձայնեցուած կարգով միաժամանակ, երբ որ բոլոր մանրամասներն արդէն իսկ համաձայնեցուած են լինում համանախագահների միջոցով։ Նշեմ, որ ներկայումս այս համանախագահների յայտարարութեան մէջ նշուած աշխատանքների վերաբերեալ մանրամասները գտնւում են դեռեւս քննարկման փուլում եւ այս առումով որեւէ բան չեմ կարող ասել», – ըսած է ԱԳՆ խօսնակը։

Աննա Նաղդալեանը քանի մը անգամ հերքած է Մամետեարովի յայտարարութիւնները, աւելցնելով, թէ անոնք այս շրջանին պայմանաւորուած են ատրպէյճանական ներքաղաքական վերադասաւորումներով։

Մամետեարովն ատրպէյճանական CBC հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին մէջ յիշատակած է, իր խօսքով, Մատրիտեան սկզբունքներու վրայ հիմնուած, այսպէս կոչուած, Լաւրովի ծրագիրը, որ, ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի, մշակուած է մօտ երկու տարի առաջ Մոսկուայի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման ժամանակ։

Յիշեցնենք՝ մամուլին մէջ Լաւրովի ծրագրի մասին սկսած են խօսիլ ոչ թէ երկու, այլ առնուազն 3,5 տարի առաջ՝ 2016-ի գարնան։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակը Լաւրովի ծրագրի մասին «Ազատութեան» հարցին պատասխանելով ըսած է. «Դա մենք նշել ենք բազմիցս, դա յստակ է՝ որեւէ փաստաթուղթ չի քննարկւում։ Ինչ վերաբերում է, թէ ինչ է նշել պարոն Մամետեարովը, ես չէի ցանկանայ համարել, որ այստեղ կար պարզապէս թեխնիքական վրիպակ իրենց կողմից, որովհետեւ անհասկանալի է, թէ ինչի մասին է խօսում պարոն Մամետեարովը»։

Մամետեարովը CBC հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ նշած է, թէ բանակցութիւնները Պրաթիսլաւայի շէջ կոշտ էին, սակայն համոզմունք յայտնած է, որ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին որեւէ, նոյնիսկ ռազմական գործողութիւններու պարագային։

«Եթէ նոյնիսկ պատերազմ լինի, այն յաւերժ չի տեւելու եւ պէտք է լինելու շարունակել բանակցութիւնները», – ըսած է Մամետեարովը։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ պնդած է, թէ Հայաստանի ԱԳ նախարարի հետ բանակցութիւններու ժամանակ կը քննարկեն յստակ եւ իրական կէտերը՝ աւելցնելով, թէ օրակարգի վրայ կարգաւորման փուլային տարբերակն է։ Ընդ որում՝ Էլմար Մամետեարովը յիշատակած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու այս տարուայ 9 Մարտի յայտարարութիւնը, ըսելով, թէ այդ յայտարարութեան էութեան խնդրի կարգաւորումը փուլային տարբերակն է։ Առաջին փուլին, ըստ Մամետեարովի, զօրքերու դուրսբերում, ատրպէյճանական բնակչութեան վերադարձ Լեռնային Ղարաբաղ, անվտանգութեան ապահովում, կապի հաստատում։

Մինչդեռ համանախագահներու այս յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Խնդրի արդար եւ տեւական կարգաւորումը պէտք է հիմնուած ըլլայ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ հաւասար իրաւունքներու ու ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքներու վրայ»։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակը եւս մէկ անգամ ընդգծած է. «Ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման հիմքը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումն է, ինքնորոշման իրաւունքը, որը պէտք է իրացուի առանց սահմանափակման եւ հարկադրման»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment