Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Չեխիան Համաձայնած է Նարեկ Սարգսեանը Յանձնել Հայաստանին

Չեխիան Համաձայնած է Նարեկ Սարգսեանը Յանձնել Հայաստանին

by MassisPost

Ձերբակալուելէն ճիշդ մէկ տարի անց Չեխիան Հայաստանին պիտի յանձնէ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբայր Ալեքսանտր Սարգսեանի որդի՝ Նարեկ Սարգսեանը։ Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի գլխաւոր դատախազութենէն։

Դատախազութենէն յայտնած են, որ արդէն ոստիկանութեան յանձնարարած են կազմակերպել Նարեկ Սարգսեանի տեղափոխումը: Թէ ինչո՞ւ չեխական կողմն այսքան ուշ բաւարարեց հայկական կողմի պահանջը, Հայաստանի գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեանը պարզաբանած է՝ Չեխիայի օրէնսդրութեամբ պայմանաւորուած  երկար տեւած է գործընթացը։

«Այս տարույ Յունիսին կամ Յուլիսին էր, եթէ չեմ սխալւում, երբ մեզ տեղեկացրին, որ Չեխիայի դատարանը բաւարարել է մեր միջնորդութիւնը, բայց համաձայն չեխական օրէնսդրութեան՝ վերջնական որոշումը դրա հետ կապուած կայացնում է Արդարադատութեան նախարարութիւնը, եւ յետագայ ամբողջ գործընթացները կապուած էին դրա հետ, այսինքն՝ Արդարադատութեան նախարարութեան իրաւասութիւններու շրջանակներում էր քննարկւում միջնորդութեան բաւարարումը, եւ ահա դուք տեսնում էք, այսօրուայ դրութեամբ պաշտօնապէս մեզ տեղեկացրել են, որ միջնորդութիւնը բաւարարուել է վերջնականապէս», – մանրամասնած է Գոռ Աբրահամեանը։

Սարգսեանի նկատմամբ հետախուզում յայտարարուած էր դեռ նախորդ տարի։ Ան «Ինթըրփոլի» աջակցութեամբ յայտնաբերուած էր 2018-ի Դեկտեմբեր 6-ին Պրահայի մէջ:

Ըստ ոստիկանութեան պաշտօնական հաղորդագրութեան, Նարեկ Սարգսեանը ներկայացած էր Կուաթեմալայի քաղաքացիի կեղծ անձնագրով՝ Ֆրանքլին Կոնզալեսի անձնական տուեալներով։

Յիշեցնենք, 2018 թուականի Յունիս 26-ին Նարեկ Սարգսեանի նկատմամբ յարուցուած էր քրէական գործ՝ ապօրինի կերպով զէնք, ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերելու, իրացնելու, պահելու, փոխադրելու կամ կրելու եւ թմրամիջոցներու, հոգեմետ նիւթերու ապօրինի շրջանառութիւնն իրացնելու կամ պատրաստելու նպատակով կամ ապօրինի իրացնելու յատկանիշներով:

Նարեկ Սարգսեանէն բացի, անցեալ տարի Յուլիսին հետախուզում յայտարարուած էր նաեւ անոր թիկնապահի նկատմամբ, այն բանէն ետք, երբ իրաւապահները վերջինիս պատկանող բնակարանէն տեղափոխման պահուն յայտնաբերած էին երկու ճամպրուկ թմրամիջոց եւ զէնքեր: Թիկնապահն օրեր անց ինքնակամ ներկայացած էր իրաւապահներուն:

Բացի այդ, ԱԱԾ-ն հաղորդում ստացած էր այն մասին, որ  2013 թուականին Նարեկ Սարգսեանը, չարաշահելով նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի ժառանգներէն մէկուն վստահութիւնը, անկէ վերցուցած է նկարիչի 14 գծանկարները, իսկ յետոյ, անտեսելով տուժողի բազմաթիւ պահանջները, հրաժարած է վերադարձնել։ ԱԱԾ աշխատակիցները 2018 թուականի Յուլիս 4-ին խուզարկութիւն կատարած են Նարեկ Սարգսեանի հաշուառման վայր, ուրկէ յայտնաբերած են նկարները, ինչպէս նաեւ 115 հազար ԱՄՆ տոլար, 27 հազար եւրօ, թանկարժէք ժամացոյցներ, բազմաթիւ ոսկեայ մետաղադրամներ եւ զարդեր, որոնց ձեռքբերման հանգամանքներու օրինականութիւնը պիտի ստուգուի քրէական գործի վարոյթի շրջագիծէն ներս:

Ոստիկանութենէն առայժմ չեն յայտներ, թէ ինչ ժամկէտի մէջ Հայաստան կը տեղափոխուի Նարեկ Սարգսեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment