Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հարցախոյզ.- Հայաստանցիներու 76 Տոկոսը Դրական Կը Գնահատէ Վարչապետի Գրասենեակի Աշխատանքը

Հարցախոյզ.- Հայաստանցիներու 76 Տոկոսը Դրական Կը Գնահատէ Վարչապետի Գրասենեակի Աշխատանքը

by MassisPost

Հասարակութեան մեծ մասին կը շարունակէ բաւարարել իշխանութիւններու աշխատանքը՝ ըստ Միջազգային հանրապետական հիմնարկի հրապարակած նոր հարցման։

Այսպէս, հարցուածներու 76 տոկոսը դրական կը գնահատէ վարչապետի գրասենեակի աշխատանքը, իսկ 63 տոկոսն ալ գոհ է Ազգային ժողովի աշխատանքէն։ Հայաստանցիներու մեծ մասը նաեւ լաւատես է երկրի ապագայի վերաբերեալ, քիչ տարբերութեամբ շատ են այն քաղաքացիները, որոնք կը համարեն, որ երկրի զարգացումը կ’ընթանայ ճիշդ ուղիով։

Նոյն հարցերը «Ազատութիւնը» տուած է քաղաքացիներուն։

«Թերութիւններ, ի հարկէ, կան կը շտկուեն ժամանակի ընթացքում։ Ցանկացած իշխանափոխութիւնից, ցանկացած յեղափոխութիւնից յետոյ մի քանի տարի երկրում տիրում է տարերային իրավիճակ, որին պէտք է ըմբռնումով մօտենալ», – եղած է քաղաքացիներէն մէկուն պատասխանը։

Միւսն ալ այսպէս արձագանգած է հարցին. – «Մի փոքր դժգոհ եմ, սպասելիքներն աւելի շատ էին ճիշդն ասաց։ Ինձ թւում է՝ մի փոքր դանդաղանում ա գործը»։

Միւսներն ալ նկատած են. – «Հիասթափութիւն չկայ, էնպէս չի, որ պէտք ա հրաշքներ կատարուէին, եւ չեն կատարուել»։

«Մէկուկէս տարում այնքան դրական բան եմ տեսել, որ դժգոհութիւն չեմ կարող արտայայտել ոչ մի ասպարէզում»։

Քաղաքացիները նաեւ նշած են, որ յոյսով կը սպասեն աւելի առաջընթացներու։ Անոնցմէ մէկն ալ նշած է՝ անձամբ իր վրայ փոփոխութիւն չէ զգացած։

Քաղաքացիներու 30 տոկոսը կառավարութեան ամենամեծ յաջողութիւնը կը համարէ քորուփցիայի նուազումը, 19 տոկոսը՝ մարդոց հոգեբանական վիճակի բարելաւումը, իսկ 13 տոկոսը՝ ժողովրդավարութեան հաստատումը, գրեթէ նոյնքան մարդ ալ կը կարծէ, որ կառավարութեան ձեռքբերումներէն է նաեւ Հանրապետական կուսակցութեան ձախողումը։

Միջազգային հանրապետական հիմնարկէն ներս նկատած են, որ հակառակ լաւատեսութեան դրսեւորումներուն, կան ի յայտ եկող շարք մը հանրային մտահոգութիւններ։ Օրինակ՝ կը շարունակէ աւելնալ այն քաղաքացիներու թիւը, որոնք կը մատնանշեն աշխատատեղերու ստեղծումը, ընկերային-տնտեսական խնդիրները։ Աճած է նաեւ այն մարդոց թիւը, որոնք կառավարութեան ամենամեծ ձախողումը կը համարեն վատ կառավարումը. անոնց թիւը 27 տոկոս է՝ 5 տոկոսով աւելի նախորդ՝ Մայիսին եղած հարցման տուեալներէն։

Կառավարութեան ամենամեծ ձախողումներու շարքին քաղաքացիները նաեւ չիրականացուած խոստումներն ու քաղաքական անկայունութիւնը նշած են։ Հայաստանի ողջ տարածքին հասարակութեան մօտ կառավարութեան քորուփցիայի դէմ ջանքերը կը վայլեն մեծ աջակցութիւն, եւ հասարակութեան մեծամասնութիւնը լաւատես է երկրի ապագայի նկատմամբ։

Միջազգային հանրապետական հիմնարկի Եւրասիա տարածաշրջանի տնօրէն Սթիվըն Նիքսն ըսած է, որ Հայաստանի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներու դէմ վերջերս ներկայացուած մեղադրանքները ցոյց կու տան, թէ որքան լուրջ եղած է քորուփցիայի խնդիրը նախկին վարչակարգի ժամանակ. – «Ոգեւորիչ է տեսնել, որ հարցման արդիւնքները կ’արտացոլեն նոր կառավարութեան հակաքորուփցիոն ջանքերու դրական ընկալումը», – ըսած է ան։

«Եթէ ընտրութիւններն կայանան այս Կիրակի, որո՞ւն կ’ընտրէիք» հարցին, քաղաքացիներու 55 տոկոսը իշխող «Իմ քայլին» նախընտրութիւն տուած է, նախորդ հարցման ժամանակ իշխանական խմբակցութեան վարկանիշը 4 տոկոսով աւելի բարձր եղած է։ «Իմ քայլ»-էն ետք «Բարգաւաճ Հայաստան»-ն է՝ 19 տոկոս, իսկ յետոյ՝ «Լուսաւոր Հայաստան»-ը՝ 6 տոկոս ցուցանիշով։ Հարցուածներու 59 տոկոսը ըսած է, որ երբեք չի քուէարկեր նախկին իշխող՝ Հանրապետական կուսակցութեան, եւ միայն 4 տոկոսը համաձայն է իր քուէն տալ ՀՀԿ-ին, իսկ 3 տոկոսը պատրաստ է իր քուէն տալ ՀՅԴ-ին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment