Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանը Ընտրուած Է Պոլսոյ Հայոց 85-Րդ Պատրիարքը

Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանը Ընտրուած Է Պոլսոյ Հայոց 85-Րդ Պատրիարքը

by MassisPost

12 Տարուան սպասումէ ետք Պոլսոյ նուիրապետական աթոռը նոր գահակալ ունի։ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը, ստանալով Ազգային պատգամաւորական ժողովէն 103 քուէ, ընտրուած է Պոլսոյ Հայոց 85-րդ պատրիարք։

Պատրիարքական իր առաջին խօսքին մէջ Սահակ սրբազանը ուրախութեամբ նշեց, որ Թուրքիոյ հայութիւնը վերջապէս հայր ունեցաւ: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց այս ճանապարհին աւանդ ունեցած բոլոր անձանց, շնորհակալութիւն յղեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եւ թրքական իշխանութիւններուն՝ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանին, ներքին գործոց նախարար Սուլեյման Սոյլուին եւ Պոլսոյ նահանգապետ Ալի Եէրլիքայային: Նորընտիր պատրիարքի խօսքերով, այսպիսով հայ համայնքի համար նոր փուլ կը սկսի՝ խաղաղութեան եւ միասնութեան շրջան:

Ընտրութեան օրը, Պատրիարքարանի մայր եկեղեցիէին ներս հաւաքուած էին հոգեւոր ու աշխարհական պատուիրակները, որպէսզի գումարեն Ազգային պատգամաւորական ժողով եւ ընտրեն նոր Պատրիարք։ Նիստը սկսած է միասնական աղօթքով, ապա շարունակուած պատուիրակներու գրանցման եւ հաւաստագրերու յանձնման գործընթացը: Թէեւ Կիրակի օրուան քուէարկութեան արդիւնքներէն արդէն պարզ էր, որ պիտի ընտրուի եպիսկոպոս Մաշալեանը, այնուհանդերձ հայ համայնքի համար պահը յիրաւի պատմական էր։

Քուէարկութենէն ետք ընտրեալ Պատրիարքը հանդիսաւոր կերպով մտաւ մայր եկեղեցի, ապա հաւաքուածները շնորհաւորեցին նոր առաջնորդը, համբուրեցին սրբազանի աջը: Այնուհետեւ կայացաւ Հրաշափառի հանդիսութիւնը՝ պատրիարքի մուտքը աթոռանիստ եկեղեցի: Հաւաքուած բազմութիւնը ողջունեց նոր պատրիարքը, տեղի ունեցաւ աջհամբոյրի արարողութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Կիրակի օր տեղի ունեցած էր պատրիարքական ընտրութիւններու առաջին փուլը՝ պատուիրակներու ընտրութիւնը: Քուէարկութեան արդիւնքով նարնջագոյններու ճակատը ստացած էր 9008 ձայն՝ Մաշալեան սրբազանի համար ապահովելով 89 պատուիրակ: Պատրիարքական միւս թեկնածու Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի գլխաւորած մանիշակագոյն ճակատը ստացած էր 3529 քուէ՝ ունենալով 12 պատուիրակ: Մէկ պատուիրակ նախընտրած էր անկախ մնալ: 753 քուէաթերթ անվաւեր ճանչցուած էր, 376 մարդ դատարկ քուէաթերթ նետած էր տուփը:

Պոլսոյ Հայոց 85-րդ պատրիարք 57-ամեայ եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեանը ծնած է Պոլիս, սորված է Պոլսոյ համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժինը, ապա Պոլսոյ արհեստագիտական համալսարանը: 1982-ին որոշած է հոգեւորական դառնալ եւ ուսումնառութեան անցած Պոլսոյ պատրիարքարանէն ներս: Ուշագրաւ է, որ սրբազանը միայն 20 տարեկանին սկսած է հայերէն սորվիլ: Աւելի ուշ, Սահակ Մաշալեանը կրթութիւն ստացած է նաեւ Պելճիքայի եւ Իրլանտայի մէջ: 1984 թուականին ձեռնադրուած է վարդապետ, 1986-ին Շնորհք Գալուստեան պատրիարքի կողմէ սարկաւագ, 1992-ին ալ Գարեգին Գազանճեան պատրիարքի կողմէ կուսակրօն աբեղայ ձեռնադրուած է: 2006 թուականին դարձած է վարդապետ, ապա 2008-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է: 2005-2011 թուականներու ընթացքին դասաւանդած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանէն ներս, զբաղեցուցած է տնօրէնի պաշտօն: 2011-ին վերադարձած է Պոլիս եւ ծառայութեան անցած է պատրիարքարանէն ներս: Այս տարուան Մարտին Պոլսոյ 84-րդ պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի վախճանէն ետք Յուլիսին ընտրուած է պատրիարքական տեղապահ: Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը պիտի ըլլայ Պոլսոյ Սահակ երկրորդ պատրիարքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment