Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պարտիզանական Պատերազմները Բոյներուն Մէջ Պիտի Խեղդուին. «Իմ Քայլը» Խմբակցութեան Պատգամաւոր Տիգրան Կարապետեան

Պարտիզանական Պատերազմները Բոյներուն Մէջ Պիտի Խեղդուին. «Իմ Քայլը» Խմբակցութեան Պատգամաւոր Տիգրան Կարապետեան

by MassisPost

Կ’ուզեմ վստահեցնել, որ ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովը կը տիրապետէ իրավիճակին եւ ոչ միայն այդ տեղեկատւութիւնը, նաեւ շարք մը այլ տեղեկութիւններ ունինք, ուղղակի անգամ մը եւս բոլոր այն ուժերուն ու խմբակներուն, անհատներուն, որոնք նոյնիսկ միտքի ծայրով կ’անցընեն, որ կրնան ՀՀ օրինական իշխանութեան դէմ կատարել քայլեր, որոնք չեն բխիր Սահմանադրութենէն եւ օրէնքներէն, [կ’ըսեմ] եթէ քորուփցիայի պարագային՝ կը բաւարարուինք միայն թաթիկներ կտրելով, այստեղ՝ համակցուած պիտի ըլլայ: Այս մասին ԱԺ-ի մէջ յայտարարած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Տիգրան Կարապետեանը:

«Ծեփուելու են պատերին, փռուելու են եւ նմանատիպ այլ գործողութիւններ: Որեւէ մէկի մտքով չանցնի ՀՀ իշխանութեան դէմ ձեռնարկել որեւէ քայլ, որը չի բխում ՀՀ օրէնսդրութիւնից:

Այն պարտիզանական պատերազմները, որ մարդիկ նպատակադրւում են իրականացնել, բների մէջ խեղդուելու են: Ես սա ասում եմ ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի անունից: Հանգիստ վեր ընկէք տեղներդ»,-ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ համացանցի մէջ տարածուած էր նամակ մը՝ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անունով, որուն մէջ մանրամասներ կը յայտնեն ՀՅԴ գաղտնի ժողովէն: Յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ Հոկտեմբեր 31-ին ՀՅԴ Գերագոյն մարմինը հրաւիրած է հայաստանեան կոմիտէներու ժողով, որուն ներկայիս Գերագոյն մարմնի եւ Բիւրոյի անդամներէն բացի, ներկայ եղած է նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանտ Մարգարեանը. «Ընկերոջ համոզմամբ՝ մենք, որպէս դաշնակցութիւն, պէտք է պարտիզանական հարուածներ հասցնենք ներկայ իշխանութիւններին»,- ըսուած էր յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment