Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ֆլեշ» Ընկերութեան Նախագահ Բարսեղ Բեգլարեանին Մեղադրանք Առաջադրուած է

«Ֆլեշ» Ընկերութեան Նախագահ Բարսեղ Բեգլարեանին Մեղադրանք Առաջադրուած է

by MassisPost

Բարսեղ Բեգլարեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 38-179-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով՝ պետութենէն վատնելու եղանակով առանձնապէս խոշոր չափերով գումարի յափշտակութեան կատարման դրդելու համար։ Ի պատասխան «Ազատութեան» հարցման տեղեկացուցած են Յատուկ քննչական ծառայութենէն։

Բարսեղ Բեգլարեանի խափանման միջոց ընտրուած է չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը։

Բարսեղ Բեգլարեանը «Ֆլեշ» ընկերութեան նախագահն է։ Երէկ Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանին մեղադրանք առաջադրուած էր մօտ կէս միլիառ դրամ գումարի յափշտակութեան կատարումը կազմակերպելու համար։

Ըստ ծաւալուն մեղադրանքի, 2013 թուականի Յունուար 24-ի որոշմամբ Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատած է հողօգտագործողներուն գարնան գիւղատնտեսական աշխատանքներու համար մատչելի գիներով վառելանիւթի ձեռքբերման նպատակով պետական աջակցութեան ծրագիրը: Այդ շրջագիծէն ներս նախատեսուած է մարզպետարաններու եւ Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան պատկանող կազմակերպութիւններու ներկայացուցած յայտերու հիման վրայ հողօգտագործողներուն վաճառել աւելի քան 17 միլիոն լիթր վառելիք: Վառելիք մատակարարելու ցանկութիւն յայտնած են կարգ մը, այդ շարքին` «Մաքսհուր» եւ «Ֆլեշ» ընկերութիւնները:

Ամենաաժան գնային առաջարկը ներկայացուցած է «Մաքսհուր» ընկերութիւնը, որու ներկայացուցիչի հետ քննարկումներէն ետք Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան պաշտօնատար անձանց կողմէ որոշուած է որպէս մատակարար այս ընկերութեան տուեալները ներկայացնել կառավարութեան հաստատման:

Ինչպէս նշուած է ՅՔԾ հաղորդագրութեան մէջ, Սերժ Սարգսեանը տեղեակ եղած է, որ աւելի աժան գինով վառելիք կ’առաջարկէ  այս ընկերութիւնը, գիտակցած է, որ աւելի բարձր գին առաջարկած «Ֆլեշ» ընկերութեան հետ վառելիքի մատակարարման նպաստի պայմանագիր կնքելու հետեւանքով պետութենէն անհիմն պիտի ելքագրուին առանձնապէս խոշոր չափերով գումարներ:

Եւ անտեսելով այս հանգամանքը, նախկին նախագահը «Ֆլեշ» ընկերութեան համար գործարքէն առաւելագոյն շահոյթ ապահովելու անձնական շահագրգռուածութենէ ելլելով, օգտագործելով իր պաշտօնէական դիրքը, իր ենթակայութեան ներքոյ գտնուող խումբ մը պաշտօնատար անձանց միջոցով կազմակերպած է կառավարութեան վստահուած, պահուստային ֆոնտին մէջ գտնուող առանձնապէս խոշոր չափերով գումարի` վատնելու եղանակով յափշտակութեան կատարումը, մասնաւորապէս` յանձնարարած է իրմէ փաստացի ծառայողական կախուածութեան մէջ գտնուող պաշտօնատար անձանց՝ անկախ ստացած աժան գնային առաջարկներէն, որպէս մատակարար ընտրել «Ֆլեշ» ընկերութիւնը եւ մատակարարման պայմանագիրը կնքել այդ ընկերութեան հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment