Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուն Շրջանառութեան Մէջ Դրած Է Ղարաբաղի Հարցով Իր Դիրքորոշումը

Պաքուն Շրջանառութեան Մէջ Դրած Է Ղարաբաղի Հարցով Իր Դիրքորոշումը

by MassisPost

Սլովաքիայի մայրաքաղաքին մէջ մեկնարկած ԵԱՀԿ 26-րդ նախարարական խորհրդաժողովին պաշտօնական Պաքուն շրջանառութեան մէջ դրած է իր դիրքորոշումը ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ:

Նիստին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ նախատեսուած է Մնացականեան-Մամետեարով այս տարուայ ընթացքին արդէն հինգերորդ հանդիպումը:

Էլմար Մամետեարովն իր հետ Պրաթիսլաւա  տարած է ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորմանն ուղղուած՝ պաշտօնական Պաքուի պատկերացուցած քայլերու մասին փաստաթուղթ մը, որուն մէջ, սակայն, որեւէ նորութիւն չկայ: Ատրպէյճանը, որ հակուած է հակամարտութեան կարգաւորման փուլային տարբերակին, այդ փաստաթուղթին մէջ եւս կը շարունակէ պնդել․ – «Առաջին քայլը պէտք է դառնայ հայկական զինուած ուժերու անառարկելի դուրսբերումը Լեռնային Ղարաբաղի շրջանէն եւ Ատրպէյճանի այլ գրաւեալ տարածքներէն»: Յաջորդ քայլը, Պաքուի պատկերացմամբ, պէտք է ըլլայ ատրպէյճանական բնակչութեան վերադարձը` անվտանգութեան բոլոր անհրաժեշտ միջոցառումներու պահպանմամբ, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու բացումը: Այս քայլերէն ետք միայն Պաքուն պատրաստ կ’ըլլայ որոշելու Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը, բայց, ինչպէս ընդգծուած է փաստաթուղթին մէջ, Ատրպէյճանի կազմին մէջ՝ Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան համապատասխան:

«Կարգավիճակի սահմանումը պէտք է տեղի ունենայ խաղաղ պայմաններու մէջ օրինական գործընթացներու շրջածիրէն ներս՝ Ատրպէյճանի շրջան Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջական եւ հաւասար մասնակցութեամբ, այսինքն՝ հայկական եւ ատրպէյճնական համայնքներու ու Ատրպէյճանի կառավարութեան հետ անոնց փոխգործակցութեան բացառապէս օրինական եւ ժողովրդավարական գործընթացով», – նաեւ ըսուած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հեղինակած փաստաթուղթին մէջ:

Պաքուն վերջաւորութեան աւելցուցած է, որ չի տեսներ հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորում իր նշած այդ շրջանակներէն դուրս:

Պրաթիսլաւա մեկնելէ առաջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ղարաբաղեան կողմի հետ հանգամանալից քննարկումներ ունեցած է: Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ Զոհրապ Մնացականեանը եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը քննարկած են կայանալիք հանդիպմանն ընդառաջ Հայաստանի ու Արցախի ակնկալիքներն ու առաջնայնութիւնները: «Երկուստեք ընդգծուեց Արցախի ժողովրդի մանտաթը վայելող իշխանութիւնների լիարժէք ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութիւնը խաղաղ գործընթացին, յատկապէս կարգաւորման բովանդակային հարցերի շուրջ», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Երկու նախարարները հանդիպած են նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment