Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Բայբուրթեանի Այցելութիւնը «Մասիս» Շաբաթաթերթին

Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Բայբուրթեանի Այցելութիւնը «Մասիս» Շաբաթաթերթին

by MassisPost

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27-ին, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս՝ Դոկտ. Արմէն Բայբուրթեան այցելեց «Մասիսՙ շաբաթաթերթի խմբագրատուն, ուր ընդունուեցաւ «Մասիսի» եւ «Մասիս Փոսթի» խմբագրական կազմի անդամներուն կողմէ:

Հիւպատոսը ծանօթացաւ թերթի եւ կայքէջի անցած ուղիին եւ ներկայ աշխատանքներուն: Ան գնահատեց երկու լրատուամիջոցներու տարած աշխատանքը՝ ի շահ Հայ ժողովուրդի եւ հայոց պետականութեան:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան սփիւռքահայ մամուլի դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան առնչուող հարցերը:

Երկուստեք եղան այս ուղղութեամբ առաջարկութիւններ ու քննարկուեցան Հայաստանի մասին անաչառ տեղեկութիւններ սփիւռքահայ ընթերցողներուն հասցնելու եղանակները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment