Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Հենրիկ Անասեան եւ Իր «Տուտուկի Համանուագ»ը Պոսթոնի Մէջ

Հենրիկ Անասեան եւ Իր «Տուտուկի Համանուագ»ը Պոսթոնի Մէջ

by MassisPost

Հայաստանի եւ սփիւռքի գեղարուեստասէր շրջանակներուն հանրածանօթ է տաղանդաւոր երաժիշտ, խմբավար եւ գրող Հենրիկ Անասեանի անունը: Զինք եւ իր ազնուափայլ կողակիցին երգչուհի Մարիեթթա Անասեանին, անձամբ ծանօթութիւն հաստատած ենք քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ: Յատկապէս Լոս Անճելոսի մէջ իր հիմնած «Սիփան» երգչախումբի բարձրորակ համեգներուն ներկայ գտնուելու բարեբաստիկ առիթներով:

Առանձին յիշատակութեան արժանի են նաեւ որպէս շնորհալի գրող եւ արձակագիր իր հրատարակած «Այս եմ ես…» եօթ հատորներէ բաղկացած գրական հատորները, որոնք գեղեցկօրէն կ՛արտացոլեն յուշեր իր եւ իր ընկերներու ու բարեկամներու մասին: Հենրիկ Անասեան հեղինակ է նաեւ բազմաթիւ գրական եւ երաժշտական ստեղծագործութիւններու, ինչպէս նաեւ հայ մամուլին մէջ լոյս տեսած քսանեակ մը շահեկան աշխատակցութիւններու:

խմբավար Մայքլ Քօրն

խմբավար Մայքլ Քօրն

Մաեսթրօ Հենրիկ Անասեանի կոթողային ստեղծագործութիւնն է Մեծ Եղեռնի 100-ամեակին զուգադիպող իր «Տուտուկի Համանուագը»ը, ¤գոնչերթօ¥: Արդարեւ այս եզակի յօրինումը առաջին անգամ նուագուեցաւ Վենեզուելայի մայրաքաղաք Գարագասի մէջ« ընկերակցութեամբ քաղաքի սիմֆոնիք նուագախումբին£ Հետզհետէ համաշխարհային ճանաչում վայելող այս ինքնուրոյն ստեղծագործութիւնը ներկայացուեցաւ նաեւ Լոս Անճելոսի մէջ եւ ապա Մոսկուա« Սարաթով« Սէն Փեթերսպուրկ, Ռումանիա, Հայաստան եւ ալուր:

Նոյեմբերի 17ին, 2019, Հենրիկ Անասեանի «Տուտուկի Համանգուագ»ը բացառիկ յաջողութեամբ ներկայացուեցաւ նաեւ Պոսթոնի «Շարօն» համայնքի սենեկային նուագախումբի ընկերակցութեամբ: «Կախարդական ուղեւորութիւն Վիեննայէն Երեւան» մակագրութիւնը կրող սոյն համերգի խմբավար եւ երաժշտական տնօրէնն էր Մայքլ Քօրնը, իսկ տուտուկի մենակատարն էր շնորհալի արուեստագէտ՝ Մհեր Մնացականեան:

Immaculate Conception Church սրահին մէջ տեղի ունեցած սոյն համերգին ներկայ էին երաժշտասէր ընտրանի հասարակութիւն մը եւ հայ գաղութի կարգ մը ներկայացուցիչներ:

Համերգի սկիզը խմբավար Մայքլ Քօրն իր ելոյթին մէջ երաժշտասէր հասարակութեան յայտնեց թէ ուրախութեամբ կ՛ողջունէ «Տուտուկի Համանուագ»ի հեղինակ, անուանի երգահան՝ Հենրիկ Անասեանի եւ իր ազնուափայլ տիկնոջ՝ նոյնպէս երաժիշտ Մարիեթթայի ներկայութիւնը« արժանանալով ունկնդիրներու ծափահարութեանց:

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան մեծարեալը՝ Հենրիկ Անասեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ջերմ եւ հիւրընկալ վերաբերմունքին համար, հակիրճ ներածականով մը բնութագրեց քիչ ետք ներկայացուելիք իր ստեղծագորութիւնը:
Ներկայ հասարակութեան առջեւ մտերմիկ զրոյցի ձեւով, Հենրիկ Անասեան գեղեցկօրէն բացատրեց լուրջ գործի մը արգասիքն եղող տուտուկի համանուագի բովանդակութեան եւ անոր շարժառիթին մասին, որ կը զուգադիպէր Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին:

Մհեր Մնացականեան

Մհեր Մնացականեան

Հայ երաժշտութեան պատմութեան մէջ սոյն եզակի համանուագը ունի իւրայատուկ նիւթ, որ իր ամբողջութեան մէջ կը համապարբակէ երեք մաս եւ իւրաքանչիւրն ունի երեք ենթաբաժանում հետեւեալ ձեւով.-
ա. Խաղաղասէր ու շինարար հայ ժողովուրդը իր պապենական հողերուն վրայ:
բ. Եղեռն, ջարդ, տեղահանութիւն, մռայլ օրեր:
գ. Պետականութեան վերահաստատում, վերազարթնում յանուն պայծառ ապագայի:

Սոյն ներածականէն ետք սկսաւ երաժշտութիւն, որ ունկնդրուեցաւ մեծ բաւարարութեամբ:
Համերգի աւարտին ներկաները յոտնկայս ծափահարեցին, իրենց անխառն գոհունակութիւնը յայտնելով յօրինող մաեսթրօ Հենրիկ Անասեանին, նուագախումբի խմբավար Մայքլ Քօրնին եւ տուտուկի մենակատար Մհեր Մնացականեանին:

Կ՛իմանանք թէ Հենրիկ Անասեան ներկայիս յօրինելու վրայ է նոր երգ մը, որ յառաջիկային պիտի կատարուի հանրածանօթ թենոր՝ Եղիշէ Մանուչարեանի մեկնաբանութեամբ: Իսկ գրական ասպարէզին մէջ պատրաստուելու վրայ է «Այս եմ ես…» պատմուածքներու 8րդ հատորը:

Քառաջողջութիւն, յարատեւութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ սիրելի Հենրիկին:
Գ.Մ.

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment