Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Ուղեւորահոսքը Պիտի Մեծնայ 300 Հազար Ուղեւորով

Հայաստան Ուղեւորահոսքը Պիտի Մեծնայ 300 Հազար Ուղեւորով

by MassisPost

Հայաստան ուղեւորահոսքը պիտի մեծնայ գրեթէ 300 հազար ուղեւորով: Այս մասին Դեկտեմբեր 3-ին ԱԺ նիստի «Պետական տուրքի մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին օրինագիծի քննարկման ժամանակ ըսած է Հայաստանի Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէի ղեկավար Տաթեւիկ Ռեւազեանը՝ պատասխանելով պատգամաւորներու հարցերուն:

Անոր խօսքով՝ Հայաստանի երկու օդակայաններուն՝ «Զուարթնոցի» եւ «Շիրակի» մէջ, ուղեւորահոսքը կը կազմէ տարեկան 2,9 միլիոն մարդ:

«Սա բաւականին տպաւորիչ թիւ է: Ըստ մեր գնահատականների՝ 3 տարի յետոյ միայն զբօսաշրջութեան զարգացումը կը ստեղծի հազարաւոր աշխատատեղեր, պետական պիւտճէ կը վճարուի միլիոնաւոր տոլար, կը բարելաւուի ներդրումային միջավայրը»,- խոստացած է Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէի պետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment