Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստան» Հիմնադրամը Եւ Փաշինեանի Մարտահրաւէրը

«Հայաստան» Հիմնադրամը Եւ Փաշինեանի Մարտահրաւէրը

by MassisPost

Անցնող Հինգշաբթի, Ամերիկայի Գոհաբանութեան Օրուան առթիւ տեղի ունեցաւ «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի» տարեկան թելեթոնը, կամ հեռուստամարաթոնը, ինչպէս կը նախընտրեն կոչել Հայաստանի մէջ:

Այս տարի հանքանակուած գումարը՝ շուրջ 10 միլիոն տոլար, աւելի նուազ էր, քան նախորդ տարիներուն: Այս պարագան հայաստանեան կարգ մը շրջանակներուն կողմէ մեկնաբանուեցաւ որպէս Հայաստանի եւ սփիւռքի կողմէ անվստահութեան պակաս ներկայ իշխանութիւններուն նկատմամբ: Նման մօտեցում չեն բաժներ «Հիմնադրամի» պատասխանատուները: Անոնք կը յայտնեն թէ, այս տարի աւելի մեծ եղած է փոքր գումարներով մասնակցողներու թիւը, իսկ պակսած են մեծագումար նուիրատուութիւնները:

«Հիմնադրամի» տնօրէն Հայկակ Արշամեան յայտարարեց որ, նոր կայքէջի միջոցաւ առաւել թափանցիկութիւն պիտի ապահովուի եւ հաշուետուութիւն պիտի ներկայացուի ստացուած գումարներուն եւ անոնց օգտագործման եղանակներուն մասին: Ան յիշեց որ, նախորդ տարիներուն եղած են բազմաթիւ պարագաներ, երբ յայտարարուած նուիրատուութիւններուն եւ իսկապէս գանձուած գումարներուն միջեւ եղած են մեծ տարբերութիւններ՝ յատկապէս մեծագումար մասնակցութիւններու պարագային:

Լաւ պիտի ըլլար, որ նոր կայքէջով հանրութեան հասանելի ըլլայ, թէ անցեալին ինչ գումարներ խոստացուած են եւ անոնցմէ որքանը իրականացած է: Միայն այդ պարագային կարելի է իսկական բաղդատական ընել եւ չտարուիլ ուռճացուած թիւերով: Օրինակի համար, 2008 թուականի թելեթոնի ընթացքին յայտարարուեցաւ թէ հանքանակուած է շուրջ 35 միլիոն տոլար, որուն մեծ մասը նուիրած են Ռուսաստանի Հայ մեծահարուստները, Սերժ Սարգսեանի ներկայութեամբ տեղի ունեցած ճաշկերոյթի մը ընթացքին: Մինչեւ օրս յայտնի չէ թէ, այդ խոստումներուն որքանը իրականութիւն դարձած է: Նոյնը պէտք է կատարուի, որոշ ժամանակ անց, այս տարուայ խոստումներու պարագային:

Թելեթոնի ընթացքին իր ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ ինք օգտագործելով «Հիմնադրամի» նոր կայքէջի նուիրատուութիւներու բաժինը, ամսական 10 հազար դրամով (մօտ 20 տոլար) մասնակցած է դրամահաւաքին: Ան նաեւ մարտահրաւէր ուղղեց երեք այլ յայտնիներու՝ Սերժ Թանքեանին, Ալեքսի Օհանեանին եւ Քիմ Գարտաշեանին, որպէսզի հետեւին իր օրինակին եւ իրենց կարգին՝ մարտահրաւէր ուղղեն երեք այլ ծանօթներու: Վարչապետի այս իւրօրինակ առաջարկը արդէն իսկ իր արձագանգը գտաւ նոյն օրն իսկ, ու մի քանի ժամուայ մէջ հազարէ աւելի անհատներ, աշխարհի տարբեր կողմերէն, հետեւեցան այդ օրինակին:

Իր հիմնադրութեան առաջին օրէն, «Հիմնադրամի» նպատակներէն մին եղած է ազգային տուրքի գաղափար՝ մեծ թիւով հայերու մնայուն մասնակցութիւնը ապահովելու ձգտումով: Այս նպատակը անցեալին կարելի չեղաւ իրագործել՝ այլազան պատճառներով: Ներկայիս համացանցային կապը առիթ կու տայ, որպէսզի զանգուածային ու մնայուն մասնակցութիւնը աւելի հեշտութեամբ գործադրութեան դրուի:

Վստահ ենք որ, վարչապետի մակարդակով ու հետեւողականօրէն այս ծրագրի առաջ մղումը, կրնայ մեծապէս նպաստել, որպէսզի հազարաւոր հայեր ամսական դրութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերեն Արցախի ու սահմանամերձ շրջաններու շէնացման ու զարգացման գործին ու «Հայաստան« հիմնադրամը վերածուի այն կառոյցին, որուն շուրջ համախմբուի համայն հայութիւնը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment