Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Աննախադէպ Աճ Արձանագրած Է Աշխարհի Բարեկեցիկ Երկիրներու Շարքին

Հայաստանը Աննախադէպ Աճ Արձանագրած Է Աշխարհի Բարեկեցիկ Երկիրներու Շարքին

by MassisPost

Հայաստանը անցեալ տարի էականօրէն բարելաւած է դիրքերը աշխարհի բարեկեցիկ երկիրներու շարքին: Լոնտոնի մէջ գործող «Լեկաթում» վերլուծական կեդրոնի ամենամեայ զեկոյցը կը փաստէ՝ նախորդ տարուան համեմատ Հայաստանը 7 կէտով աճ արձանագրած է՝ 167 երկիրներու շարքին զբաղցնելով 61-րդ հորիզոնականը: Ընդ որում, հեղինակաւոր կեդրոնի փորձագէտները կը փաստեն՝ տասը տարի շարունակ պատրաստուող այս հետազօտութեան ընթացքին Հայաստանը երբեք նման բարձր ցուցանիշ չէ ունեցած:

«Լեկաթում»-ի փորձագէտները այս եզրակացութեան յանգած են՝ դիտարկելով իրավիճակը 12 տարբեր ոլորտներու մէջ՝ անվտանգութենէն, մարդու ազատութիւններէն ու կառավարման որակէն մինչեւ պիզնես միջավայրի գրաւչութիւն ու շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւն: Ըստ այդմ, Հայաստանը ներառուած է աշխարհի մէջ առաջընթացի ամենաշատ յոյսը ներշնչող երկիրներու շարքին՝ կայուն աճ արձանագրելով գրեթէ բոլոր ցուցիչներով: Լաւագոյն արդիւնքը կրթական ոլորտի մէջ է, ուր Հայաստանը տարածաշրջանի առաջատարն է: Նոյնքան բարեկեցիկ գնահատուած է նաեւ ներդրումներու միջավայրը՝ այս ցուցիչով Հայաստանը երկրորդն է Վրաստանէն ետք, բայց շատ աւելի առաջ է նախկին Խորհրդային Միութեան միւս բոլոր երկիրներէն:

Տպաւորիչ առաջընթաց արձանագրուած է նաեւ ընկերային ոլորտի մէջ, որ ցոց կու տայ, թէ տուեալ երկրին մէջ որքան կուռ ու համախմբուած է հասարակութիւնը, որքանով մարդիկ կը վստահին ու կ’աջակցին իրար: Այս ցուցիչով եւս Հայաստանն այս տարի առաջինն է ոչ միայն տարածաշրջանի մէջ, այլեւ՝ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու շարքին:

Փաստելով, որ Հայաստանը դասուած է աշխարհի մէջ ամենանկատելի առաջընթացն արձանագրած երկիրներու շարքին, «Լեկաթում»-ն այս զարգացումը կը կապէ անցեալ տարուայ Թաւշեայ յեղափոխութեան հետ: «Այդ երկրին մէջ կառավարութեան հանդէպ վստահութիւնը աւելի քան կրկնապատկուած է», – կը փաստէ զեկոյցը, մանրամասնելով՝ եթէ 2018-ին Հայաստանի մէջ իշխանութիւնները կը վայելէին միայն 25 տոկոսի վստահութիւնը, ապա այժմ այդ ցուցանիշը հասած է 67 տոկոսի: Ըստ այդմ, կառավարման ոլորտին մէջ, որ կը գնահատէ իշխանութեան արդիւնաւէտութիւնը, փտածութեան դէմ պայքարը, յարգանքը օրէնքի գերիշխանութեան նկատմամբ, այս տարի Հայաստանը առաջ անցած է նախկին Խորհրդային Միութեան բոլոր երկիրներէն՝ բացառութեամբ Վրաստանի: Զեկոյցը կը փաստէ, որ այս ցուցանիշը շատ կարեւոր է ոչ միայն հասարակութեան բարեկեցութեան, այլեւ՝ պիզնես միջավայրի եւ տնտեսական աճի համար:

Ընդհանուր առմամբ, ըստ վերլուծական կեդրոնի, աշխարհի մէջ բարեկեցութեան մակարդակը անցած տասը տարիներուն շարունակած է աճիլ, միւս կողմէն՝ լաւագոյններու ու վատագոյններու միջեւ անդունդը աւելի խորացած է՝ բարեկեցիկները դարձած են առաւել բարգաւաճ, աղքատները՝ աւելի թշուառ:

Ըստ այդմ, աշխարհի մէջ ամենաբարեկեցիկ երկիրներն են Դանիան, Նորվեկիան, Զուիցերիան, Շուէտն ու Ֆինլանտան, ցուցակի վերջին շարքին են Աֆղանստանը, Եէմէնն ու Սուտանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment